«Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆԸ՝ ՄԱՅՐՈՒԹԵԱՆ, ՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԵԱՆ, ԶՈՀՈՂՈՒԹԵԱՆ, ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄԱՔՐԱԿԵՑՈՒԹԵԱՆ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇ»               Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին, ինչպէս նաեւ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ նաւակատիքին առիթով, Կիրակի, 15 Օգոստոս 2021-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան եղաւ Թորոնթոյի հայ համայնքին հետ,...

Գանատայի Հայոց Թեմի հոգեւոր Հովիւներու Հոգեւոր Խորհրդածութիւններ, Արժանապատիւ Տ. Գառնիկ Աւագ Քահանայ Գոյունեան, Հոգեւոր Հովիւ Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ, Մոնթրէալ https://youtu.be/isnSaJqMX-M...

  Կիրակի, 20 Յունիս 2021-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան եղաւ Վանգուվըրի հայ համայնքին հետ, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ Ս. եւ Անմահ պատարագ մատուցեց եւ իր պատգամը փոխանցեց։ Առաջնորդ Սրբազանը անդարդարձաւ Հայրերու Տօնին եւ ի սրտէ շնորհաւորեց բոլոր հայրերը մաղթելով...

ՀԱՅՐԱԿԱՆ ԽՕՍՔ 2021 ՏԱՐՈՒԱՆ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ   Քրիստոնէական ջերմ սիրով ու հայրական օրհնութեամբ կ՚ողջունեմ ձեզ՝ սիրելի շրջանաւարտներ, Մանկազարտեզէն մինչեւ Նախակրթարան ու Երկրորդական, ինչպէս նաեւ համալսարանի՝ Պսակաւոր, Մագիստրոս կամ Տոքթորայի ուսանողներ: Առաջին հերթին, կ՚ուզեմ իմ գնահատանքս յայտնել բոլոր ուսուցիչներուն, որոնք սրբազան առաքելութիւնը ունին կրթութիւն եւ գիտութիւն ջամբելու, իսկ հայ ուսուցչական դասը,...

​Շաբաթ, 8 Մայիս 2021-ին, Գանատայի Հայոց Թեմը առցանց գումարեց իր 64/21-րդ Ազգային Երեսփոխանական ժողովը, նախագահութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ մասնակցութեամբ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Բժիշկ Ժիրայր Պասմաճեանի, Կրօնական ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան անդամներու եւ Ազգային Երերեսփոխաններու, ինչպէս նաեւ...

Հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ մասնակցութեամբ Թեմիս հոգեւորականաց դասուն, ԲԱՐԵԽՕՍԱԿԱՆ ԿԱՐԳ, ի յիշատակ սրբոց նահատակացն, որք կատարեցան յընթացս Հայոց Ցեղասպանութեան՝ վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց։ Ունկնդրենք նաեւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը։ Դիտել այստեղ՝      ...

ՅԱՐՈՒԹԵԱՄԲ ՆՈՐ ԿԵԱՆՔ  «Նորոգեցարուք նորոգութեամբ կենացս յարութեամբն Քրիստոսի Նոր ժողովուրդ»։ (Շարական)   Այս տողերով, շարականագիր վարդապետը կը հրաւիրէ մեզի, փառաւորելու Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան տօնը։ Բայց մանաւանդ կը յորդորէ մեզի, նորոգուելու Քրիստոսի Յարութեան կեանքով, որպէս՝Քրիստոսի Նոր Ժողովուրդ։ Մարդկութիւնը Նոր Կեանք սկսաւ Յիսուս Քրիստոսով.  լսենք Անոր ջինջ ձայնը, որ դարերու խորքերէն...

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us