Ներածական

Թէեւ այս մատենագիտութեան սկզբնական նպատակը կեդրոնանալ էր արեւմտահայերէնին վրայ, սակայն յատկապէս բառարաններու պարագային կարելի չէ երկու լեզուաճիւղերը բաժնել իրարմէ, քանի որ բառապաշարը գրեթէ նոյնն է երկուքին համար, ուստի նշուած գործերուն մեծ մասը կը վերաբերի ընդհանրապէս հայերէնին, անկախ լեզուաճիւղէն, անկախ նաեւ գրաբար թէ աշխարհաբար ըլլալէն։

Անմիջապէս նշենք, որ բոլոր հեղինակներու կամ հրատարակիչներու անունները, ինչպէս նաեւ գիրքերու կամ յօդուածներու տիտղոսները տրուած են դասական ուղղագրութեամբ, բայց նշուած է նիւթին ուղղագրութիւնը, եթէ աբեղեանական է. իսկ որոշ պարագաներու, յստակացման նպատակով նշուած է դասական ուղղագրութեամբ ըլլալը։ Այն յատուկ անունները որոնք աբեղեանական ուղղագրութեան պարագային տարբեր սկզբնատառով կը սկսին, օրինակ՝ Հակոբյան, այդպէս ալ ցանկագրուած են՝ դասականին յղումով – Տես Յակոբեան, որպէսզի աւելի դիւրին ըլլայ որոնումը։

Այստեղ համախմբուած նիւթերը հեռու են ամբողջական ըլլալէ։ Քով-քովի բերուած են մեզի առաւել ծանօթ հրատարակութիւններ ու քանի մը հեղինակներու եւ «Նայիրի» կայքէջի կողմէ յիշուած աղբիւրները։ Սակայն բոլոր բառարաններն ու այլ հրատարակութիւնները ընդհանրապէս ունին առբիւրներու ցանկեր, որոնցմէ նոյնպէս կարելի է օգտուիլ։ Մենք ուզած ենք յատկապէս ցոյց տալ, թէ այս ցանկէն ո՛ր նիւթերը առցանց մատչելի են։ Թերեւս կարգ մը կարեւոր աղբիւրներ կրնան մոռցուած ըլլալ, ուստի մեծապէս շնորհակալ պիտի ըլլանք անոնց, որոնք կրնան լրացումներ թելադրել։

«Նայիրի»-ի http://www.nayiri.com/ կայքէջի պարագային որեւէ բառարան կամ այլ հրատարակութիւն կարելի է առցանց գտնել իր պատկերահանուած (pdf) տարբերակով (ՊՏ), իսկ ոմանք առկայ են նաեւ թուային տարբերակով (ԹՏ), եթէ այդպէս նշուած է, սակայն անոնք մատչելի եւ օգտագործելի են միայն բառի մը որոնումի ատեն։ «Նայիրի»-ի կայքէջը միշտ կը հարստանայ նոր տեղադրումներով, ուստի այստեղ նշուած իր նիւթերէն աւելին կարելի է գտնել այնտեղ։

Որոշ պարագաներու նշուած է պատկերահանուած տարբերակի տեղադրուած կայքը՝ «Նայիրի»-էն տարբեր։ «ԼԵԶՈՒԱՏՈՒՆ» նշումը կը նշանակէ, թէ նիւթը մատչելի է այս մատենագիտութեան կայքէն։

Haybook.Armenian ebooks-ի http://haybook.wordpress.com կայքէջին վրայ կարելի է գտնել պատկերահանուած (ՊՏ) բազմաթիւ բառարաններ Dictionaries բաժինին մէջ, հայերէն քերականութեան բազմալեզու գիրքեր Language բաժինին մէջ եւ շատ ուրիշ գիրքեր միւս բաժիններուն մէջ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ յղումներ այլ համապատասխան կայքէջներու։ Այդ բոլորէն շատեր այլապէս առկայ են մեր այս կայքին մէջ եւս։

Omniglot-ի http://www.omniglot.com կայքէջին վրայ կարելի է գտնել այլազան նիւթեր բառապաշարի ու քերականութեան վերաբերեալ։

Կարելի է նաեւ www.translator.am կայքէջին վրայ գտնել յաւելեալ նիւթեր բառարաններու, քերականութեան եւ հայերէնի վերաբերեալ այլ հարցերու մասին։

Գաբրիէլա Ուլուհոճեան պատրաստած է «Հայ բառարաններու մատենագրութիւն» մը (Պոլոնիա, 1987, 103 էջ), անգլերէնով, ուր ցանկագրուած հեղինակներուն եւ գիրքերուն անունները տրուած են լատինատառ՝ գիտական տառադարձութեամբ։ Զայն կարելի է գտնել Մաշտոց բառարաններու կաճառի հետեւեալ կայքէջին վրայ. http://www.dictionnaires-machtotz.org։ Այդտեղ նշուածներէն ալ շատեր նոյնպէս առկայ են սոյն մատենագիտութեան մէջ։ Նոյն այդ Մաշտոց կաճառի կայքէջին վրայ կան բազմաթիւ բառացուցակներ, որոշ բառարաններ ու մեր լեզուին վերաբերեալ այլ նիւթեր։

Աղբիւրներու հարուստ շտեմարան են Հայաստանի ազգային գրադարանի կայքէջը՝ nla.am

եւ Գրահավաք հայ պարբերական մամուլի նոյնանուն կայքէջը։

Մեր այս աշխատանքը կը բաղկանայ չորս գլխաւոր բաժիններէ.

  1. Բառարաններ եւ բառացուցակներ
  2. Քերականութիւն
  3. Ուսումնասիրութիւններ
  4. Յօդուածներ

Այստեղ կրնաք նշել ձեր ճշգրտումները, սրբագրութեան առաջարկներն ու թելադրութիւնները

(Here you can submit your corrections, editing suggestions, and recommendations.)