Տիար Ստեփան Չաքմաքճեան արժանացաւ «Կիլիկեան Ասպետ» Շքանշանին

Հինգշաբթի, 15 Փետրուար 2024-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը այցելեց Մոնթրէալի գաղութի ղեկավարներէն՝ Պրն. Ստեփան Չաքմաքճեանին, անձամբ պարգեւատրելու զայն՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սուրբ Աթռոի «Կիլիկեան Ասպետ» Շքանշանով։

 

Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ 65-ամեակի տօնակատարութեան ծիրէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի սրբատառ Կոնդակով, Պրն. Չաքմաքճեան արժանացաւ վերոնշեալ պատիւին։

 

Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէին՝ Արժանապատիւ Տ. Գառնիկ Աւ. Քհնյ. Գոյունեան, Հոգեւոր Հովիւ Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ, Պրն. Սարօ Տէր Պետրոսեան, Ատենապետ նոյն եկեղեցւոյ եւ Տիկին Աննա Պուլկարեան՝ Ատենադպիր Ազգային Վարչութեան։

 

Բաբգէն Արքեպիսկոպոս մեծապէս գնահատեց Պրն. Չաքմաքճեանի վաստակն ու անձնուէր ծառայութիւնը Մոնթրէալ գաղութին։

 

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us