Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդառաջելով Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Սրբ. Արք. Չարեանի խնդրանքին, այսու տնօրինած է, որ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Աբղ. Եագուպեան միանայ Թեմիս հոգեւորականաց դասին եւ ստանձնէ Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոէնական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի Վարիչի պաշտօնը...

             Լաւալի Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Նաւակատիքին՝ անուանակոչութեան տօնին առթիւ, Կիրակի, 26 Սեպտեմբեր 2021-ին, Գանատայի Հայոց  Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան Ս. Պատարագ մատուցանեց, յաւուր պատշաճի պատգամը ուղղեց եւ այնուհետեւ, մատաղօրհնէքի արարողութիւնը կատարեց Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ շրջափակին...

Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքը կը ներկայացնէ՝ «Մանկապատանեկան Աստուածաշունչը»։ Այս ամսուան Պատմութիւնը՝ «Հինգ Հազարին Կերակրումը» https://youtu.be/-dYpmO_Yjbw...

             Երեքշաբթի, 21 Սեպտեմբեր 2021-ին, Հայաստանի Վերանկախացման 30-ամեակին առթիւ, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան մասնակցեցաւ Օթթաուայի քաղաքապետարանին առջեւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի բարձրացման հանդիսաւոր արարողութեան, որ կազմակերպուած էր Գանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան կողմէ:             Առաջնորդ Սրբազան Հօր...

ՀՒՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԹԵՄԱԿԱԼ ԵՐԵՔ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ԿՈՉԸ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ Ի ԽՆԴԻՐ                           Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերու Առաջնորդները՝ Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան (Արեւելեան Թեմ), Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս  Չարեան (Գանատայի Հայոց Թեմ) եւ Գերաշնորհ Տ. Թորգոմ Եպիսկոպոս Տօնոյեան (Արեւմտեան Թեմ), կը հրաւիրեն իրենց համայնքի զաւակները, միահամուռ ջանքերով շարունակելու...

Գանատայի Հայոց Թեմի հոգեւոր Հովիւներու Հոգեւոր Խորհրդածութիւններ, Հոգեշնորհ Գարեգին Վարդապետ Շխըրտմեան https://youtu.be/-HSBS2HN3R0...

  Սուրբ Խաչի Վերացման տաղաւար տօնին, Գէմպրիճի Ս. Նշան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյնաւակատիքին, ինչպէս նաեւ Մուսա Լերան Յիշատակութեան առիթով, Կիրակի, 12 Սեպտեմբեր 2021-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. ԲաբգէնԱրքեպիսկոպոս Չարեան, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց, յաւուր պատշաճի իրպատգամը փոխանցեց եւ Մատաղի օրհնութիւն կատարեց, Գէմպրիճի ու շրջակայից՝...

Հինգշաբթի, 9 Սեպտեմբեր 2021-ին, Վերամուտի առթիւ,  Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան այցելեց Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարան եւ հանդիպում ունեցաւ աշակերտներուն հետ՝ շրջելով դասարանները:   Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէր Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ. Գառնիկ Աւ. Քհնյ....

Տնօրինութեամբ եւ նախագահութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ մասնակցութեամբ Թեմիս հոգեւորականաց դասուն, 25-27 Օգոստոս 2021-ին, տեղի ունեցաւ աւանդութիւն դարձած Հոգեւորականաց Խոկառնումը, որ հոգեպէս վերանորոգուելու ու սպառազինուելու լաւագոյն առիթն է՝ վերալիցքաւորուած ու զօրացած լծուելու հովուական, եկեղեցական ու ազգային առաքելութեան, մանաւանդ նկատի...

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us