ՍՐԲՈՑ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ՏՕՆԸ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԷՆ ՆԵՐՍ

Նախագահութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝  Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, Երեքշաբթի, 6 Փետրուար 2024-ի երեկոյեան, Լաւալի Սուրբ Գէորգ Եկեղեցիէն ներս յիշատակուեցաւ Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանաներու տօնը, մասնակցութեամբ թեմի հոգեւորականաց դասուն:

 

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Ղեւոնդեանց Քահանայից կատարած ինքնազոհողութեան, թէ ինչպէս անոնք իրենց հաւատքը՝ քրիստոնէական հաւատքը պահելու համար դէմ դրին խաւարին։

 

Այս առթիւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Թեմի հոգեւորականները, մաղթելով քաջառողջութիւն, համբերութիւն եւ հաւատքով լեցուն ծառայութիւն։



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us