ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ «Ս. ՂԵՒՈՆԴ ԵՐԷՑ» ՇՔԱՆՇԱՆ ՇՆՈՐՀԵՑ 27 Հ.Մ.Ը.Մ. ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

Հովանաւորութեամբ՝ Գերաշնորհ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ համախորհուրդ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ. Գանատայի Շրջանային Վարչութեան, 2019-ին հաստատուեցաւ «Ս. Ղեւոնդ Երէց» կրօնական շքանշանը, իբրեւ խթան հայեցի դաստիարակութեան եւ քրիստոնէական կազմաւորման։

 

Կիրակի, 11 Փետրուար, 2024-ին, նախագահութեամբ Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ:

 

Օրուայ պատարագիչն ու քարոզիչն էր, Ազգային Առաջնորդարանէն ներս ծառայող՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեան։

 

Յընթացս Ս. Պատարագին, ձեռամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, «Ս. Ղեւոնդ Երէց» կրօնական շքանշանով պարգեւատրուեցան Մոնթրէալի մասնաճիւղէն 27 Հ.Մ.Ը.Մ. սկաուտականներ։

 

Այս առթիւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց յորդորելով՝ կարգապահութիւն, հնազանդութիւն եւ մանաւանդ հաւատարմութիւն՝ Աստուծոյ, հայրենիքին ու ազգին:



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us