ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ «Ս. ՂԵՒՈՆԴ ԵՐԷՑ» ՇՔԱՆՇԱՆ ՇՆՈՐՀԵՑ 7 Հ.Մ.Ը.Մ. ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ԿԱՏԱՐԵՑ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ

Հովանաւորութեամբ՝ Գերաշնորհ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ համախորհուրդ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ. Գանատայի Շրջանային Վարչութեան, 2019-ին հաստատուեցաւ «Ս. Ղեւոնդ Երէց» կրօնական շքանշանը, իբրեւ խթան հայեցի դաստիարակութեան եւ քրիստոնէական կազմաւորման։

 

Կիրակի, 18 Փետրուար, 2024-ին, նախագահութեամբ Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ:

 

Օրուայ պատարագիչն ու քարոզիչն էր, Եկեղեցւիյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ. Յակոբ Քահանայ Գեադայեան։

 

Յընթացս Ս. Պատարագին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց նորընտիր Հոգաբարձութեան կազմի օրհնութիւն։

 

Որմէ ետք, ձեռամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, «Ս. Ղեւոնդ Երէց» կրօնական շքանշանով պարգեւատրուեցան Լաւալի մասնաճիւղէն 7 Հ.Մ.Ը.Մ. սկաուտականներ։

 

Այս առթիւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց յորդորելով՝ կարգապահութիւն, հնազանդութիւն եւ մանաւանդ հաւատարմութիւն՝ Աստուծոյ, հայրենիքին ու ազգին:



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us