ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ՀՍԿՈՒՄԸ

Ուրբաթ, 23 Փետրուար, 2024-ին, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան նախագահեց խաղաղական եւ հանգստեան «ՀՍԿՈՒՄ»ի ժամերգութեան հոգեպարար արարողութիւնը։

 

Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթակից էր Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Տաթեւ Աւ. Քհնյ. Միքայէլեան:

 

Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը Հայրը յաւուր պատշաճի իր հայրական պատգամը փոխանցեց հաւատացեալներուն:

 

Հսկումի արարողութեան ներկայ էր Օնթարիոյ Նահանգի Խորհրդարանի անդամ՝ Երեսփոխան Թօմ Ռախօվիչը, որուն հետ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ունեցաւ հանդիպում մը եւ անոնք խօսեցան միջ-եկեղեցական հարցերու մասին։



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us