ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ «Ս. ՂԵՒՈՆԴ ԵՐԷՑ» ՇՔԱՆՇԱՆ ՇՆՈՐՀԵՑ 4 Հ.Մ.Ը.Մ. ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

Հովանաւորութեամբ՝ Գերաշնորհ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ համախորհուրդ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ. Գանատայի Շրջանային Վարչութեան, 2019-ին հաստատուեցաւ «Ս. Ղեւոնդ Երէց» կրօնական շքանշանը, իբրեւ խթան հայեցի դաստիարակութեան եւ քրիստոնէական կազմաւորման։

 

Կիրակի, 25 Փետրուար, 2024-ին, նախագահութեամբ Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, Սուրբ Նշան Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ:

 

Օրուայ պատարագիչն ու քարոզիչն էր, Ազգային Առաջնորդարանէն ներս ծառայող՝ Արժանապատիւ Տ. Նշան Քահանայ Մանուկեան։

 

Յընթացս Ս. Պատարագին, ձեռամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, «Ս. Ղեւոնդ Երէց» կրօնական շքանշանով պարգեւատրուեցան Հարաւային Օնթարիոյի մասնաճիւղերէն 4 Հ.Մ.Ը.Մ. սկաուտականներ։

 

Այս առթիւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց յորդորելով՝ կարգապահութիւն, հնազանդութիւն եւ մանաւանդ հաւատարմութիւն՝ Աստուծոյ ու հայրենիքին։



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us