​Մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնին առիթով, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Կիրակի, 18 Ապրիլ 2022-ին, Ս. Պատարագ մատուցեց Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, Քրիստոսի յարութեան, փրկութեան ու նոր կեանքի աւետիսով ու յոյսով համակելով հաւատացեալներու...

«Այսօր հրեշտակք յերկնից իջեալ տան զաւետիս մարդկան, յարեաւ խաչելեալն եւ յարոյց զձեզ ընդ ինքեան»։ «Այսօր հրեշտակները երկնքէն իջնելով մարդկութեան կ՛աւետեն, որ յարութիւն առաւ խաչեալը եւ իր հետ յարութիւն տուաւ ձեզի»։ (ՇԱՐԱԿԱՆ) Շարականագիր վարդապետը Հրաշափառ Յարութեան աւետիսն է որ կը հնչեցնէ՝ Աւետիսը ուրախութեան եւ ցնծութեան… Աւետիսը Յաղթանակի ու Առաւել կեանքի… Աւետիսը Յոյսի ու...

«Այսօր հրեշտակք յերկնից իջեալ տան զաւետիս մարդկան, յարեաւ խաչելեալն եւ յարոյց զձեզ ընդ ինքեան»։ «Այսօր հրեշտակները երկնքէն իջնելով մարդկութեան կ՛աւետեն, որ յարութիւն առաւ խաչեալը եւ իր հետ յարութիւն տուաւ ձեզի»։ (ՇԱՐԱԿԱՆ)   Շարականագիր վարդապետը Հրաշափառ Յարութեան աւետիսն է որ կը հնչեցնէ՝ Աւետիսը  ուրախութեան եւ ցնծութեան… Աւետիսը  Յաղթանակի ու Առաւել կեանքի… Աւետիսը  Յոյսի ու...

  Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Արաջնորդարանը սրտի անհուն ուրախութեամբ կը յայտնէ, որ Մոնթրէալաբնակ Ազգային Բարերար Տիկին Շաքէ Կէօնճեան $30,000 կը նուիրէ Ազգային Առաջնորդարանիս, Թեմիս Կիրակնօրեայ Դպրոցներու նոր դասագիրքերու պատրաստութեան ծրագրին համար։ Ծրագիրը նկատի ունի Կիրակնօրեայ Դպրոցներու 6-7, 8-9 եւ 10-11 տարեկան աշակերտներուն համար կրօնական, եկեղեցական եւ բարոյագիտական...

Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի օրհնութեամբ, Մարտ ամսուն, մեկնարկը տրուեցաւ Ազգային Առաջնորդարանիս Նախամուսնական Խորհրդատուութիւններու ծրագրին, որուն նպատակն է՝ քրիստոնէական արժէքներով ու հոգեբանական խորհրդատուութիւններով  հիմքը դնել հայ-քրիստոնեայ նորաստեղծ ընտանիքներու: Այս իմաստով, Ուրբաթ, 25 Մարտ 2022-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր ու Թեմիս Հոգեւոր Հովիւներու մասնակցութեամբ...

            Չորեքշաբթի, 16 Մարտ 2022-ի առաւօտեան, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան ներկայ գտնուեցաւ Մոնթրէալի մէջ ՀՀ նորանշանակ Պատուաւոր Հիւպատոս Լեւոն Աֆէյեանի գրասենեակի բացման հանդիսութեան, ներկայութեամբ Գանատայի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր Դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանի։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ'ընկերակցէր Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ...

Գանատայի Հայոց Թեմի հոգեւոր Հովիւներու Հոգեւոր Խորհրդածութիւններ, Տ. Գառնիկ Աւ. Քհնյ. Գոյունեան, Հոգեւոր Հովիւ Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ, Մոնթրէալ Դիտել Այստեղ  ...

            Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը հաստատեց «Անի Անահիտ Տէմիրճեան-Երկաթեան» Բարեգործական Եւ Կրթական Հիմնադրամը, Եորքի համալսարանի  «Glendon School of Public & International Affairs» բաժանմունքի նախկին տնօրէն Օրիորդ Անի Անահիտ Տէմիրճեան-Երկաթեանի՝ 50,000 տոլարի  առատաձեռն նուիրատուութեամբ:             Այս հիմնադրամը պիտի աջակցի Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի բարեսիրական ծրագիրներուն՝...

Montreal, Quebec, February 14, 20211_ Armenian Prelacy of Canada is honoured to announce the establishment of Annie Anahid Demirjian-Yergatian Charitable and Educational Fund with a generous donation of $50,000 by Annie Demirjian-Yergatian, former Director of Glendon School of Public & International Affairs, York University, Toronto,...

Թեմիս հոգեւորականաց դասի անդամները մեր եկեղեցիներու առաջնակարգ դիմագիծներն են եւ հաւատացեալ ժողովուրդը իր դիմագրաւած դժուարութիւններուն համար կը դիմէ անոնց, ստանալու համար հոգեւոր եւ հոգեկան լուծումներ: Այս հանգամանքէն մեկնելով, տնօրինութեամբ եւ ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ մասնակցութեամբ Թեմիս հոգեւորականաց դասու անդամներուն,...

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us