ԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՐԵՐԱՐ ՏԻԿԻՆ ՇԱՔԷ ԿԷՕՆՃԵԱՆ $30,000 ԿԸ ՆՈՒԻՐԷ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻՆ

 
Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Արաջնորդարանը սրտի անհուն ուրախութեամբ կը յայտնէ, որ Մոնթրէալաբնակ Ազգային Բարերար Տիկին Շաքէ Կէօնճեան $30,000 կը նուիրէ Ազգային Առաջնորդարանիս, Թեմիս Կիրակնօրեայ Դպրոցներու նոր դասագիրքերու պատրաստութեան ծրագրին համար։
Ծրագիրը նկատի ունի Կիրակնօրեայ Դպրոցներու 6-7, 8-9 եւ 10-11 տարեկան աշակերտներուն համար կրօնական, եկեղեցական եւ բարոյագիտական բովանդակութեամբ դասագիրքեր պատրաստել, որ պիտի օգտագործուի Թեմիս բոլոր Կիրակնօրեայ դպրոցներուն մէջ՝ նախատեսուած բոլոր տարիքի աշակերտներուն: Ծրագիրը կ’ընդգրկէ աշակերտական դասագիրք, ուսուցչի ուղղեցոյց եւ խաղի ու վարժութիւններու տետրակ։
Նոր սերունդի հոգեւոր դաստիարկութեան նպաստող այս կարեւոր առաքելութիւնը կը ձգտի օժանդակութեան ձեռք մեկնել Կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցիչներուն, որպէսզի Աստուածաշունչն ու քրիստոնէական դաստիարակութիւնը սիրելի ու հաճելի դարձնէ աշակերտներուն, որովհետեւ, Աստուածաշունչն է հիմքը մեր հաւատքին ու քրիստոնէավայել վարքին։
Առաջին խումբի դասագիրքերն ու ուղղեցոյցերը նկատի առնուած են ի գործ դրուիլ՝ 2022-2023 դպրոցական տարեշրջանին սկզբնաւորութեան։ Դասագիրքը բաղկացած պիտի ըլլայ 20 դասերէ, որոնց կորիզը պիտի ըլլայ Աստուածաշունչ մատեանէն քաղուած նիւթեր՝ բոլորն ալ պարզ, հասկնալի ու համապարփակ պատմութիւններով համակուած։ Իւրաքանչիւր նիւթ ներկայացուած պիտի ըլլայ չորս նկարազարդուած էջերու մէջ։
Այս առիթով, Թեմիս Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան իր օրհնութեան ու գնահատանքի խօսքին մէջ գնահատեց Տիկին Կէօնճեանը, իր առատաձեռն նուիրաբերումին ու թանկագին աջակցութեան համար՝ ի խնդիր մեր գաղութի ու ընդհանրապէս Կիրակնօրեայ Դպրոցներու յառաջդիմութեան ու բարգաւաճման։ Իր խօսքին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը կը շեշտէր՝ «Նուիրաբերումը առաքինութիւն է, երբ մանաւանդ մեր սրտէն, հոգիէն, ժամանակէն եւ կամ նիւթականէն կու տանք։ Նուիրաբերումը յատուկ արժէք ունի, մանաւանդ երբ պիտի ծառայէ վեհ նպատակի մը, այս պարագային՝ քրիստոնէական դաստիարակութիւն ջամբելու, սերունդներու նկարագրի կերտման եւ ի մասնաւորի հաւատքի արթնութեան նպաստող։ Կը գնահատենք Ազգային Բարերար Տիկին Շաքէ Կէօնճեանը, իր առատաձեռն նուիրատուութեանց համար, որ կը կատարէ՝ եկեղեցւոյ, համայնքին, դպրոցին, հայ կեդրոնին եւ Ազգային Առաջնորդարանիս։ Աստուած օրհնէ իր ընտանիքը եւ իրեն ու իր հարազատներուն առողջ եւ արեւշատ կեանք պարգեւէ»։
 


If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us