ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ Ի ՊԱՏԻՒ ԼԵՒՈՆ ԱՖԷԵԱՆԻ ՀՀ ՊԱՏՈՒԱՈՐ ՀԻՒՊԱՏՈՍ ՆՇԱՆԱԿՄԱՆ

            Չորեքշաբթի, 16 Մարտ 2022-ի առաւօտեան, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան ներկայ գտնուեցաւ Մոնթրէալի մէջ ՀՀ նորանշանակ Պատուաւոր Հիւպատոս Լեւոն Աֆէյեանի գրասենեակի բացման հանդիսութեան, ներկայութեամբ Գանատայի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր Դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանի։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերակցէր Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Աբղ. Եագուպեան: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց  ՀՀ նորանշանակ Պատուաւոր Հիւպատոսը եւ բարի երթ մաղթեց անոր հայրենանուէր առաքելութեան:

Նոյն երեկոյեան, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՀ Պատուաւոր Հիւպատոս Լեւոն Աֆէեանի շնորհաւորութեան հաւաքը։ Ընդունելութեան ներկայ էին Մոնթրէալի եւ Լաւալի մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւններու, միութիւններու եւ հոգեւոր կառոյցներու ներկայացուցիչներ: Յանուն Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանին, սոյն ընդունելութեան ներկայ գտնուեցան Առաջնորդարանիս Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ Ատենապետին՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեանին:



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us