ՅԱՂԹԱԿԱՆ ՍԿԻԶԲ ՅԱՒԵՐԺԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻ

«Այսօր հրեշտակք յերկնից իջեալ տան զաւետիս մարդկան, յարեաւ խաչելեալն եւ յարոյց զձեզ ընդ ինքեան»։

«Այսօր հրեշտակները երկնքէն իջնելով մարդկութեան կ՛աւետեն, որ յարութիւն առաւ խաչեալը

եւ իր հետ յարութիւն տուաւ ձեզի»։

(ՇԱՐԱԿԱՆ)

 

Շարականագիր վարդապետը Հրաշափառ Յարութեան աւետիսն է որ կը հնչեցնէ՝

Աւետիսը  ուրախութեան եւ ցնծութեան…

Աւետիսը  Յաղթանակի ու Առաւել կեանքի…

Աւետիսը  Յոյսի ու լոյսի…

Աւետիսը անմահութեան եւ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ…

Աւետիսը ՅԱՒԵՐԺԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻ։

Ցնծութեամբ երգեցէք եւ Տիրոջ փառաբանեցէք, ալէլուիա՜, Ալէլուիա՜։

Այսօր հրեշտակները դարձեալ Կ՛ուրախանան մարդոց համար եւ երկնքէն վար իջնելով կը փոխանցեն աշխարհին մեծագոյն լուրը, թէ՝ ՅԱՐԵԱՒ ԱՍՏՈՒԱԾ։ Թէ~, Յարութիւն առաւ Խաչեալը, եւ Յարութիւն տուաւ ձեզի էապէս։

Նոր եւ առաւել կեանք կը բուրէ ամէնուրէք։

Նորափոր գերեզմանէն ճառագայթող յարութեան յոյսն է որ կը տարածուի ամբողջ աշխարհին վրայ։ Այդ ճառագայթող յոյսն էր  որ  փոխակերպեց  մարդկային ողջ հոգիներն ու կեանքերը։

Թափուր գերեզմանէն ճառագայթող յոյսը յարութեան՝ ճշմարտութեան ու յաղթանակի, ու մանաւանդ յաւերժութեան խորհրդանիշն էր։

Կոյս տապանէն աստուածաբար յարութիւն առաւ Քրիստոս ու լուսազարդեց մեր կեանքերը։ Ան լուսազարդեց մանաւանդ Իր սուրբ եկեղեցին։

Անցնող Մեծ Պահոց քառասնօրեայ շրջանը հոգեւոր ուղեւորութիւն մը դարձաւ բոլորիս համար։ Առիթը ունեցանք հաւաքաբար մեր ձայները լսելի դարձնելու առ ամենաբարին Աստուած՝ լսելու մեր աղաչանքները, ուղղելու մեր քայլերը եւ գթասրտութեամբ ու մարդասիրութեամբ նայելու եւ պաշտպանելու մեզ չարէն, մէկ խօսքով քաւելու մեր մեղքերը։ Իւրաքանչիւրիս առիթը ընծայուեցաւ՝ անդրադառնալու մեր սխալներուն, յոգնեցուցիչ եւ ծանրաբեռն մեղքերէն թեթեւնալու՝ խոստովանութեամբ, զղջումով եւ ապաշխարութեամբ։

Մեր դիմաց բացուեցաւ ԱՒԱԳ Շաբաթը՝ Սուրբ ՇԱԲԱԹԸ։ Յիսուս առանձին երեք օրերու ընթացքին Տաճարի մաքրագործումը կատարեց, իր պատգամները փոխանցեց եւ անգամ մը եւս Աստուծոյ կամքը յայտնեց։ Ապա իր աշակերտներուն հետ Վերջին Ընթրիքը կատարեց, Ս. Հաղորդութեան խորհուրդը հաստատեց, ի նշան խոնարհութեան՝ աշակերտներուն ոտքերը լուաց եւ ապա մատնուեցաւ, ձերբակալուեցաւ, չարչարուեցաւ, խաչուեցաւ ու թաղուեցաւ, եւ սակայն, չմնաց գերեզմանուած. Ան յաղթեց մահուան, յաղթեց աշխարհին եւ իր յարութեամբ մեզի էապէս նորոգեց, նոր կեանք պարգեւեց՝ ԱՌԱՒԵԼ ԿԵԱՆՔ։

Գերեզմանի քարը գլորուեցաւ, բացուեցաւ գերեզմանի դուռը, ՅԱՂԹԱԿԱՆ ՍԿԻԶԲ դրուեցաւ ՅԱՒԵՐԺԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻ։

Յաղթանակով սկսաւ Շաբաթը ու յաղթանակով աւարտեցաւ Շաբաթը։

Աստուած իր անհուն սիրով յայտնուեցաւ մարդուն, իսկ մարդը իր անսահման չարութեամբ։

Չարչարանքի եւ Չարութեան Շաբաթ էր…ու վերածուեցաւ Յաղթանակի ու ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ Շաբաթի։

Անմահութիւն պարգեւող Քրիստոս, որպէս մարդ թաղուեցաւ, սակայն երրորդ օրը յարութիւն առաւ եւ Իր յարութեամբ՝ մեր իսկ յարութեան երաշխիքը տուաւ։

Եկէ՛ք հարց տանք մենք մեզի, որպէս մարդ ի՞նչ կրնանք տալ մահուան դիմաց եթէ ոչ միայն մահ, սակայն Աստուածորդին մահուան դիմաց կեանք տուաւ, անմահական ու յաւերժական կեանք։

Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան ամենաջերմ հաւատացողներէն մէկը եղած է հայ ժողովուրդը։ Չարչարուած, խաչուած, խոցուած իր սրտով հայ ժողովուրդը երբէք չէ կորսնցուցած իր յոյսը, իր անքակտելի հաւատքը իր իսկ յարութեան մասին։ Իր վէրքերէն, ան միշտ վերակենդանացած է Քրիստոսի յարութեան մեծագոյն աւետիսով, նոր կեանքի, յաղթական գալիքի, գարնան նոր յոյսով ու երգով։

Հայ ժողովուրդը, դարեր շարունակ չարչարուած է ու  խաչուած իր սկզբունքներուն եւ համոզումներուն համար, իր անժամանցելի սրբութիւններուն պահպանման համար։ Ան երբէք չէ վախցած ու բարձրացուցած է սուր եւ զէնք մեր երկրի ազատութիւնն ու անկախութիւնը, մեր ազգային արժանապատւութիւնը ոտնակոխողներուն դէմ։ Յաճախ սուղ գին վճարած ենք ներքին ալեկոծ փոթորիկներուն դիմաց հոսանքն ի վեր դիավարելով։ Այդ բոլորով հանդերձ չենք յուսահատած, չենք ընկճուած եւ պայքարը շարունակած ենք եւ պիտի շարունակենք բոլոր մակարդակներու վրայ։ Իրաւունքը չունինք այլ կերպ մտածելու եւ յանձնուելու։

Հետեւաբար այսօր նաեւ մեր ժողովուրդի Զատիկն է, յարութեան տօնն է։ Այո՛, երջանիկ օր մը, լուսապայծառ առաւօտ մը յարեաւ հայ ժողովուրդը եւ իր յարուցեալ փրկչին պէս քալեց դէպի անմահութիւն, յաղթական նոր գնացքով, յաւերժին ճամբորդ դառնալով, սակայն միշտ  յարութեան երգը իր շրթներուն.

«ՓԱ՜ՌՔ ՀՐԱՇԱՓԱՌ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՔՈ ՏԷՐ…»։

 

Թանկագին հարազատներ,

Եկէք պատրաստ ըլլանք գերեզմանելու մեր սխալները, այսինքն՝ կեղծիքը, նախանձը, թշնամութիւնը, ոխակալութիւնը, հպարտութիւնը, նիւթապաշտութիւնը եւ այլ տեսակի բազմազան ու այլազան մեղքեր։

Պատրաստ ըլլանք յարութիւն առնելու Քրիստոսի հետ, այսինքն նորոգուելու Քրիստոսի բերած ՅԱՂԹԱԿԱՆ ՈՒ ՅԱՒԵՐԺԱԿԱՆ ՆՈՐ ԿԵԱՆՔՈՎ։

 

* * *

Կեանքի յարութեան ըղձանքով եւ հաւատքի ջերմ ապրումներով կ՛ողջունեմ բոլորդ անխտիր։

Թող Յարութեան տօնը վերանորոգէ մեր հաւատքը կենդանի, Նոր ու Յաւերժական կեանք պարգեւէ բոլորիս։

Կ՛աղօթեմ որ տօնական այս օրերուն Յարուցեալ Փրկիչը ամրացնէ մեր ժողովուրդի միասնականութիւնը, պահպանէ մեր հայրենիքը առաջնորդելով զայն դէպի խաղաղ ու բարգաւաճ կեանք։

 

Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց։

Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի:

 

Սիրոյ  ջերմ  ողջունիւ՝

Աղօթարար

 

ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ

Առաջնորդ

Գանատայի Հայոց Թեմի

 

Մոնթրէալ, 17 Ապրիլ 2022



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us