Ազգային Առաջնորդարանը Մեկնարկեց Նախամուսնական Խորհրդատուութեանց Ծրագիր

Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի օրհնութեամբ, Մարտ ամսուն, մեկնարկը տրուեցաւ Ազգային Առաջնորդարանիս Նախամուսնական Խորհրդատուութիւններու ծրագրին, որուն նպատակն է՝ քրիստոնէական արժէքներով ու հոգեբանական խորհրդատուութիւններով  հիմքը դնել հայ-քրիստոնեայ նորաստեղծ ընտանիքներու:

Այս իմաստով, Ուրբաթ, 25 Մարտ 2022-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր ու Թեմիս Հոգեւոր Հովիւներու մասնակցութեամբ եւ համագործակցութեամբ Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն, ծրագրին մեկնարկը կատարուեցաւ՝  Յունիսէն  Օգոստոս ամիսներուն Սուրբ Պսակի խորհուրդին պատրաստուող զոյգերուն համար:

Առաջին հանդիպման մասնակցեցան 42 զոյգեր եւ օգտուեցան Արժանապատիւ Տոքթ. Տ. Վահան Քհնյ. Գույումճեանի (Նիւ Ճըրզի) եւ Հոգեբան Տիկին Նորա Շիթիլեանի (Գալիֆորնիա) խորհուրդներէն։ Հանդիպամ բացումը կատարեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ փոխանցեց իր հայրական խօսքը։

Իր խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նշեց, որ Ամուսնութեան խորհուրդը քրիստոնէական ընկերութեան հիմքերէն կարեւորագոյնն է: Ամուսնութիւնը այր եւ կնոջ օրինաւոր միացումն է, որ կը ձգտի ամրապնդել անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող սէրը եւ փոխադարձ սերտ գործակցութիւն հաստատելու միասնութեամբ յատկանշուած կեանքին։ Ամուսնական միութիւնը կը սկսի, ամէն բանէ առաջ, ազատ ընտրութեամբ եւ կատարեալ յօժարութեամբ։ Մարդկային բնութեան եւ սիրոյ բերումով ազատօրէն կատարուած ամուսնական միութիւնը պէտք է կնքուի համաձայն կրօնական եւ քաղաքացիական օրէնքներու, որպէսզի հաճոյ ըլլայ Աստուծոյ եւ ընդունուի ընկերութեան կողմէ։ «Ընտանիքը այն մաքուր եւ առողջ մթնոլորտն է, որուն շնորհիւ՝ հոգիներուն մէջ կը ծաղկի հաւատքը, եւ կը պահպանուի քրիստոնէական առաքինութիւններն ու մարդկային արժէքներ», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը։

Իսկ Տոքթ. Տ. Վահան Քհնյ. Գույումճեանն ու Տիկին Նորա Շիթիլեանը հանգամանօրէն խօսեցան ամուսնական կապի ամրութեան մասին, նշելով որ հաստատ եւ կայուն ընտանեկան կեանք ունենալու նպատակաւ կնքուած ամուսնութիւնը կարելի չէ բեկանել տարակարծութիւններու պատճառաւ։ Ընդհակառակը, կողմերը պարտին միշտ սիրոյ եւ գուրգուրանքի այնպիսի կեանք մը ապրիլ, որ զիրենք հոգեւոր եւ մարմնաւոր միութեան մէջ պահէ։ «Ըստ քրիտոնէական կրօնին, ամուսնութիւնը պէտք է հաստատուած ըլլայ անխախտ եւ զօրաւոր հիմերու վրայ, որպէսզի այրն ու կինը իրենց ամուսնական կեանքին մէջ ըլլան երջանիկ, իրենց օրերը ծաղկին երանութեամբ եւ իբրեւ անձ՝ իրենք զիրենք կատարելագործեն», շեշտեցին զոյգ հոգեբանները։

Նշենք, որ Ազգային Առաջնորդարանը յաջորդաբար պիտի կազմակերպէ այս հանդիպումները, որպէսզի զոյգերը աւելի պատրաստուած հասնին Սուրբ Պսակի խորհուրդին եւ ծանօթանան Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Պսակադրութեան խորհուրդի կարեւորութեան ու իմաստին եւ մասնագէտ հոգեբաններու տուած օրինակներով կանխեն դժուարութիւններ եւ աւելի հասկացողութեամբ մտնեն իրենց կեանքի այս կարեւոր հանգրուանը:



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us