ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԸ 50,000 ՏՈԼԱՐՈՎ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ «ԱՆԻ ԱՆԱՀԻՏ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ-ԵՐԿԱԹԵԱՆ» ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ԵՒ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԸ

            Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը հաստատեց «Անի Անահիտ Տէմիրճեան-Երկաթեան» Բարեգործական Եւ Կրթական Հիմնադրամը, Եորքի համալսարանի  «Glendon School of Public & International Affairs» բաժանմունքի նախկին տնօրէն Օրիորդ Անի Անահիտ Տէմիրճեան-Երկաթեանի՝ 50,000 տոլարի  առատաձեռն նուիրատուութեամբ:

            Այս հիմնադրամը պիտի աջակցի Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի բարեսիրական ծրագիրներուն՝ զօրակցելու Գանատայի մէջ ապրող Սուրիացի եւ Լիբանանցի հայ գաղթականներու նիւթական եւ կրթական կարիքներուն։  

            Այս առթիւ, Տիկին Տէմիրճեան-Երկաթեան իր սրտի խօսքին մէջ նշեց, որ «Հայ եկեղեցին իր դարաւոր պատմութեան ընթացքին եղած է այն միակ հաստատութիւնը, որ վառ պահած է մեր համայնքներու հոգեւոր, կրթական ու մշակութային կեանքը: Մենք պէտք է գնահատենք  անոր դարաւոր առաքելութիւնը եւ աջակցինք Հայաստանի ու սփիւռքի մեր համայնքներու հզօրացման գործին»:

            Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը, Օրիորդ Տէմիրճեան-Երկաթեանի առատաձեռն նուիրատուութեամբ, առաւել թափով պիտի շարունակէ իր ընկերային-բարեսիրական առաքելութիւնը, իւրաքանչիւրին պարգեւելով առողջ կեանքի սկիզբ եւ ուսանելու հնարաւորութիւն:

            Այս առիթով, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան Թորոնթոյի մէջ անձամբ այցելեց  Օրիորդ Տէմիրճեան-Երկաթեանին բնակարանը, շնորհակալութիւն յայտնեց անոր ինքնաբուխ նուիրատուութեան համար ու գնահատեց անոր տածած վստահութիւնը Ազգային Առաջնորդարանին ու անոր հովանիին տակ գործող ընկերային-բարեսիրական հիմնադրամներուն: Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց սոյնպիսի հիմնադրամներու հաստատման կարեւորութիւնը՝ յանուն մեր երիտասարդութեան, Ազգին, Եկեղեցիին, համայնքներուն ու հայրենիքի բարգաւաճման:

            Նշենք, որ Տիկին Տէմիրճեան-Երկաթեան 2014-2015 թուականներուն, եղած է ՄԱԿ-ի առաքելութեան (UNSOM) քաղաքական հարցերու եւ միջնորդութեան խումբի յանձնակատար տնօրէնը Սոմալիի մէջ: Ան պատասխանատու էր խաղաղութեան հաստատման ու պետականաշինութեան ծրագիրներուն, ներառեալ՝ ռազմական-քաղաքական կայունացման, քաղաքական բարեփոխումներու, պետութեան ձեւաւորման, հակամարտութեանց կանխարգելման, տեղական հաշտեցման ու սահմանադրութեան կանոնաւորման գործին: 

            2004-2013 թուականներուն, աշխատելով ՄԱԿ-ի առաքելութեանց ոլորտին մէջ, գլխաւորած է «UNDP»-ի ժողովրդավարական կառավարման աշխատանքները Իրաքի, Լիպիոյ, Սոմալիի, Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ:

            «UNDP»-ի շրջանակներուն մէջ, ան պատասխանատու պաշտօն վարած է Իրաքի (2004-2007), Սոմալիի (2008-2009) և Լիպիոյ (2011-2012) անցումային կառավարման, սահմանադրութեան մշակման, ընտրութիւններու կայացման, տարրական, քաղաքացիական ու հասարակական զարգացման եւ  պետական կառավարման բարեփոխումներու գործընթացին մէջ:

            2010 թուականին, երկրաշարժէն ետք, ան գործուղուած է Հայիթի, ղեկավարելու համար «UNDP»-ի ու Համաշխարհային Պանքի յետաղէտեան կարիքներու գնահատումը:

            Ան 20-ամեայ աւանդ ունի կառավարման, քաղաքականութեան ու ծրագրաւորման ոլորտին մէջ: Գանատայի Դաշնային կառավարութեան մէջ եղած է Կեդրոնական Գործակալութեան՝ անվտանգութեան, հետախուզութեան եւ վերանայ-ման յանձնաժողովներու անդամ: Իսկ ՄԱԿ-ի եւ Կեդրոնական Պանքի համար աշխատած է Յորդանանի, Եգիպտոսի, Թունիսի, Պաղեստինի,  Զիմպապուէյի, Հարաւային Ափրիկէի եւ Նիճերիայի մէջ:

            Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու Գանատայի Հայոց Թեմի Կրօնական Ժողովն ու Ազգային Վարչութիւնը բարձրօրէն կը գնահատեն Օրիորդ Տէմիրճեան-Երկաթեանի մտաղյացումը նման հիմնադրամի մը հաստատման եւ յատկապէս իր հոգատար վերաբերմունքը կարիքաւոր ընտանիքներու եւ ուսանողներու նկատմամբ։



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us