6 Սեպտեմբերի առաւօտեան, Թեմակալ Առաջնորդը ներկայ գտնուեցաւ Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ Վարժարանի վերամուտի բացման հանդիսութեան, որ տեղի ունեցաւ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ։ Նոյն օրը, Տէր եւ Տիկին Վարուժ եւ Սիլվա Լաբոյեանները կատարեցին Մէկ Միլիոն տոլարի իշխանական նուիրատուութիւն մը Ամէնօրեայ դպրոցին։ Այս առթիւ, երկրորդական վարժարանը անուանուեցաւ ՀՕՄ-ի Լաբոյեան...

Հոգեշնորհ Տ. Յովհաննէս Վրդ. Սաղտըճեան Կը նշանակուի Գէյմպրիճի Հոգեւոր Հովիւ Աւազանի անունով Ճորճ, ծնած է 30 Մարտ 1991ին, Հալէպ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Հալէպի «Սահակեան» Ազգային վարժարանէն ներս: 2003-2004 տարեշրջանին ընդունուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք եւ 8 տարիներ ուսանելէ ետք, 19 Յունիս 2011ին, Արամ Ա....

Հոգեշնորհ Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեան կը ստանայ Լանջախաչ կրելու իրաւունք 10 Յունիս 2016-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ Սրբատառ Կոնդակով, Լանջախաչ կրելու իրաւունք կը շնորհէ Հոգեշնորհ Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեանին։ Վեհափառ Հայրապետը իր Կոնդակին մէջ կը գրէ. «Ի գնահատութիւն հայ եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս որպէս Կիլիկեան Ուխտի Միաբան Ձեր...

Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի Անդրանիկ Այցելութիւնը Վանգուվըր Ուրբաթ 19 Օգոստոս 2016-ին Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան անդրանիկ այցելութեամբ ժամանեց Վանգուվըր։ Օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Վանգուվըրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեանի, Հոգաբարձութեան, պատկան մարմիններու...

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՎԵՐԱՄՈՒՏ   Սիրելի աշակերտ եւ աշակերտուհիներ, Քրիստոնէական ամենաջերմ սիրով կ՚ողջունեմ եւ իմ սրտի խօսքը կը փոխանցեմ ձեզ 2016-2017 դպրոցական վերամուտին առիթով։ Դպրոցներու վերամուտը տօնական առիթ մըն է իւրաքանչիւրիս համար, անկախ տարիքէն ու սէրէն, ըլլանք աշակերտ թ՛է ուսուցիչ, տնօրէն կամ պատասխանատու, ծնողք կամ բարերար։ Ամառնային արձակուրդը իր աւարտին հասաւ։...

22 Օգոստոս 2016-ին, Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան մատուցեց իր անդրանիկ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը՝ Վանգուվըրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ։ Թեմակալ Առաջնորդը իր քարոզի ընթացքին ըսաւ. « ...

On Thursday, August 11, 2016, Mayor Denis Coderre paid a special visit to His Eminence Archbishop Papken Tcharian at Prelacy Headquarters in Montreal. Mr. Coderre congratulated Archbishop Tcharian on his new election as Prelate of the Armenian Prelacy of Canada and welcomed him to Montreal. Prelate Tcharian...

11 Օգոստոս 2016-ին, Գերաշնորհ Տ. Աբգար Եպկ. Յովակիմեան, այցելեց Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարան եւ հանդիպեցաւ նորընտիր Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանին հետ։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրերու հանդիպումը եղաւ ծանօթացման առիթ մը, ուր անոնք խօսեցան ապագայի համագործակցութեան մասին, հիմնուած փոխադարձ սիրոյ եւ յարգանքի վրայ։ Առաջնորդները ծրագրեցին յաճախակի...

Լաւալի Ս. Գէորգ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ, 13-14 Մայիս 2016-ի կայացած Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ ընտրեց Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Սրբ. Արքեպիսկոպոս Չարեանը: «Հորիզոն» առիթ ունեցաւ Առաջնորդ Սրբազանին հետ ստորեւ ներկայացուած հարցազրոյցը կատարելու։  «Հորիզոն».- Առաջին հերթին, իբրեւ հովուական վաստակաշատ անցեալ ունեցող...

«Վանքը ձեր տո՜ւնն է» Սուրբ Աստուածածին Վանքի շրջակայքը արդէն իսկ իր հրապուրիչ տեսարանով գրաւած էր մեզ։ Վանքի շուրջ կայացած Եղեռնայիշատակ շինարարութիւնները նոր կերպար մը տուած էին անոր։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը ահա կը գտնուէր մեր դիմաց, այն վայրը ուր ծառայութեան պատրաստած է մեր միաբան հայրերը...

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us