DSC_4767Գերաշնորհ Տ. Սուրէն Սրբ. Արք. Գաթարոյեան Հայրապետական Ներկայացուցիչ Գանատայի Հայոց Թեմին Մասնակցեցաւ Պահանջատիրական Հաւաքին եւ Քայլարշաւին 24 Ապրիլ 2016-ին, Թորոնթոյէն, Գէմպրիճէն, Լաւալէն, Մոնթրէալէն, Համիլթընէն, Սէնթ Գաթրինզէն եւ այլ վայրերէ Օթթաուա ժամանած էին աւելի քան 4000 հայորդիներ, որոնք Գանատայի խորհրդարանին առջեւ միասնաբար վերանորոգեցին պահանջատիրութեան իրենց ուխտը: Հաւաքն ու քայլարշաւը դէպի Թրքական Դեսպանատուն կազմակերպուած էին Գանատայի Հայ Դատի Շրջանային Յանձնախումբին կողմէ։ Առաւօտեան, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւն այցելեցեցին Գերաշնորհ Տ. Սուրէն Սրբ. Արք. Գաթարոյեան՝ Հայրապետական Ներկայացուցիչ Գանատայի Հայոց Թեմին եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներու ներկայացուցիչները, որոնք Դեսպան Արմէն Եգանեանի հետ, դեսպանատան «Յաւերժական Հայաստան» յուշարձանին մօտ աղօթքով ոգեկոչեցին Մեծ Եղեռնի 100-ամեակը:

ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ Արցախի Բանակին, Ղեկավարութեան եւ Ժողովուրդին Յանուն Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան, եկեղեցիներու Հոգեւոր Հովիւներուն եւ Հոգաբարձութեանց, ազգային եւ եկեղեցական բոլոր կառոյցներուն, մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք հայոց բանակին, Արցախի պետութեան եւ համայն Արցախի ժողովուրդին։ Կու գանք դատապարտելու նաեւ, ատրպէյճանի շղթայազերծած նախայարձակման ընթացքն ու անոր ի գործ դրած...

Հոգեշնորհ Տ. Գեղարդ Վրդ. Քիւսպէկեան նշանակուեցաւ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Կիրակի, 17 Ապրիլ 2016-ին, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցիէն ներս, տեղի ունեցաւ նորանշանակ Հոգեւոր Հովիւ  Հոգեշնորհ Տ. Գեղարդ Վրդ. Քիւսպէկեանի Անդրանիկ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը։ Պատարագին ներկայ էին Գերաշնորհ Տ. Սուրէն Սրբ. Արք. Գաթարոյեան, Հայրապետական Ներկայացուցիչ...

Պ Ա Տ Գ Ա Մ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱ­ԹՈ­ՂԻ­ԿՈՍԻ
ՄԵ­ԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻ­ԼԻԿ­ԻՈՅ ԱՆ­ԹԻԼ­Ի­ԱՍ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱ­ԹՈ­ՂԻ­ԿՈՍ ՄԵ­ԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻ­ԼԻԿ­ԻՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գահակալ Կաթողիկոս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ, 16 Փետրուար 2016 թուակիր նամակով, ընդունեց Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպս. Բարիքեանի հրաժարականը Թեմակալ Առաջնորդի պաշտօնէն: Սրբազանը իր հրաժարականը ներկայացուցած...

Under the auspices of His Grace Bishop Meghrig Parikian a gathering took place at Prelacy on Sunday, February 7, 2016 after Divine Liturgy. He especially welcomed the newly settled and arriving families from war torn Syria, and offered them Prelacy’s support and assistance during these...

Հայեցի Դաստիարակութեան Խորհուրդի Մանուկներու Փառատօնը՝ աւարտեց հինգերորդ տարին Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Հայեցի Դաստիարակու­թեան Խուրհուրդի կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, Փետրուար 6, 2016-ին, «Հաճէթեան» Մարզասրահէն ներս տեղի ունեցաւ Մանուկներու Փառատօնը՝ 4-12 տարեկան երեխաներուն եւ պատանիներուն համար: Փառատօնի տաղաւարներուն եւ աշխատանքներուն թեմաները կը կեդրոնանային հետեւեալ գլխաւոր Բարեկենդանի տօնին մասին եւ նկատի...

Ազգային Առաջնորդարանի բարերարներու՝ շնորհակալական ընթրիք Տարիներու գեղեցիկ աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանը, ջերմ եւ զուարճալի մթնոլորտով տոգորուած մտերմիկ ընթրիք մը կազմակերպեց Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի Ահարոնեան սրահին մէջ, որուն սեղաներուն շուրջ բոլորուած էին սոյն համայնքին ազգանուէր ծառաները եւ Ազգային Առաջնորդարանին օժանդակող բազմավաստակ բարեկամներն ու բարերաները։ Բարի...

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us