ԱՄԱՆՈՐԻ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի մեծ ընտանիքը, Ուրբաթ, 20 Դեկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան, Ազգային Առաջնորդարանի «Երուանդ Եւ Անի Պասմաճեան» դահլիճին մէջ ունեցաւ Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան բերկրալի ընդունելութիւն մը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանիս Կանանց Խորհուրդին: Ներկայ էին Առաջնորդական Փոխանորդ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեան, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան, հոգեւորականաց դասու, Կրօնական ժողովին եւ Ազգային Վարչութեան անդամներ, Ազգային Պատգամաւորներ, Ազգային Երեսփոխաններ, հոգաբարձութեանց եւ Գործակից միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ Ազգային Առաջնորդարանի առաքելութեան հաւատացող ու սատար հանդիսացող բարերարներ, բարեկամներ եւ ազգայիններ:

Ընդունելութեան ընթացքին ներկաները Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետ բոլորեցին հաճելի պահեր՝ բարեմաղթութիւններ փոխանակելով եւ սրտի խօսքեր արտասանելով։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը առաջին հերթին գնահատեց ներկաներուն նուիրումն ու ջանքերը՝ Ազգային Առաջնորդարանին պայծառացման ի խնդիր, ապա,  Ամանորի ու Ս. Ծննդեան տօնի խորհուրդով ողջունեց ներկաները եւ մաղթեց բարեբեր Նոր Տարի եւ խաղաղութեամբ, յաջողութեամբ եւ առողջութեամբ լեցուն օրեր։



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us