ՃՐԱԳԱԼՈՅՑԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ՈՒԻՆԶԸՐԻ Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՄԷՋ

Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Աստուածայայտնութեան Ճրագալոյցին, Կիրակի, 5 Յունուար 2020-ին, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Վարդապետ Թաշճեան այցելեց Ուինզըրի Ս. Ստեփանոս եկեղեցական համայնք եւ Ս. Պատարագ մատուցեց, որուն աւարտին, հաւատացեալները համակուեցան Քրիստոսի Ս. Ծննդեան աւետիսով:

Ս. Պատարագի աւարտին, հաւատացեալներուն մասնակցութեամբ երգուեցաւ «Խորհուրդ Մեծ եւ Սքանչելի» Ս. Ծննդեան շարականը, ապա, ներկայ հաւատացեալները իրենց հետ տուն տարին Ս. Խորանին լոյսով վառուած մոմեր, որպէսի խորհուրդ Քրիստոսի ծննդեան աւետիսին։



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us