ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐ՝ ՓՕԼԱՏԵԱՆԻ ԵՒ ԵԳԱՆԵԱՆԻ ՀԵՏ

Հինգշաբթի, 28. Նոյեմբեր 2019-ին, Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան հանդիպեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրէութեանց եւ Սուրիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին Լիազօր եւ Արտակարգ Դեսպան՝ Տոքթ. Արշակ Փօլատեանին հետ։ Տոքթ. Փօլատեան այժմ կը ներկայացնէ Հայատանը՝ Թունիսի Հանրապետութեան մէջ։

Նոյն օրը, Սրբազան Հայրը հանդիպեցաւ նաեւ Գանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին Լիազօր եւ Արտակարգ Դեսպան՝ Պրն. Արմէն Եգանեանին հետ։ Պրն. Եգանեան այժմ Տնօրէնն է Հայաստանի Հանրապետութեան Ռազմավարական Ծրագիրներու (Policy Planning) Բաժանմունքին։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր հանդիպումները տեղի ունեցան Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութեան շէնքին մէջ։

 



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us