ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ՄԱՏՈՒՑԵՑ ՈՒԻՆԶԸՐԻ ՄԷՋ

ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ «Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ» ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՄԷՋ

        Ինչպէս գիտենք, 24 Մարտ 2019-ը Ուինզըրի հայութեան համար եղաւ պատմական ու անկիւնադարձային օր մը, երբ պաշտօնապէս հիմը դրուեցաւ ծխական նոր համայնքի մը, որ կոչուեցաւ «Ս. Ստեփանոս» եկեղեցական ծխական համայնք անունով:

Արդարեւ, Կիրակի 8 Դեկտեմբեր 2019-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, ընկերակցութեամբ Առաջնորդական Փոխանորդ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեանի եւ Տիթրոյթի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժանապատիւ Տ. Հրանդ Քահանայ Գէորգեանի,  այցելեց Ուինզըր, Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ մատուցեց, եւ յընթացս Ս. Պատարագի՝ նորակազմ հոգաբարձութեան եւ դպրաց դասի օրհնութիւնը կատարեց, ապա, յաւուր պատշաճի իր հոգեւոր պատգամը փոխանցեց:

«Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ, պատարագիչ Առաջնորդ Սրբազանը մուտք գործեց եկեղեցի։ Ս. խորանին սպասարկեցին Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեանն ու Արժանապատիւ Տ. Հրանդ Քահանայ Գէորգեանը: Ս. Պատարագին ներկայ էին աւելի քան հարիւր հաւատացեալներ: Յընթացս Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ  նորակազմ հոգաբարձութեան եւ դպրաց դասի օրհնութիւն, եւ աղօթք բարձրացուեցաւ առ Աստուած, որպէսզի անսասան ու տոկուն պահէ համայնքին ծառայողները, որոնք նուիրուած են եկեղեցւոյ շինութեան ու պայծառութեան օրհնեալ գործին:

Իր հոգեւոր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը առաջին հերթին գնահատանքի խօսք ուղղեց Արժանապատիւ Տ. Հրանդ Քահանայ Գէորգեանին, հոգաբարձութեան անդամներուն, դպրաց դասին եւ բոլոր յարակից մարմիններու անդամներուն, որոնք ջանասիրութեամբ կ’աշխատին համայնքի պայածառացման համար եւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որպէսզի օրհնէ բոլորին ծառայութիւնը եւ առաւել արդիւնաւէտ դարձնէ անոնց եկեղեցանուէր աշխատանքները: Ապա, կանգ առաւ Ս. Ստեփանոս նախավկայ սարկաւագի առաքելութեան ու ծառայական կեանքին վրայ, նշելով, որ զոհողութեան ու յանձնառութեան մարմնացում մըն էր ան, որ հաւատարիմ ծառան եղաւ Աստուծոյ խօսքին, եւ քաջաբար դէմ կանգնեցաւ Քրիստոսը քննադատողներուն, հաւատքի վկայութիւնը կատարեց եւ նահատակութեամբ արժանացաւ մարտիրոսութեան լուսապսակին։ Առաջնորդ Սրբազանը յորդորեց ներկաները հետեւելու Ս. Ստեփանոսի ծառայական կեանքի օրինակին:

Իր պատգամի երկրորդ բաժնին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը յիշեց Հայաստանի երկրաշարժի 31-րդ տարելիցը, որուն պատճառով զոհուեցան աւելի քան 25,000 հայորդիներ եւ աւերակ դարձան Սպիտակը, Գիւմրին, Վանաձորն ու յարակից շրջանները: Ան աղօթք բարձրացուց անմեղ զոհերու հոգիներու խաղաղութեան համար:

Նշենք, որ նոյն օրը,  Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ երկրաշարժի անմեղ զոհերու յիշատակին։

Ս. Պատարագէն ետք, Ուինզըրի Հայ Կեդրոնի մէջ, սիրոյ սեղան շուրջ տեղի ունեցաւ տօնական ճաշկերոյթ, մասնակցութեամբ համայնքի զաւակներուն: Կատարուեցաւ կարկանդակի յատում՝ համայնքի հաստատման առթիւ, ապա, Կաղանդ Պապայի այցելութեամբ, մանուկները ունեցան հրճուագին պահեր:

  



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us