ՄԻՕՐԵԱՅ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ՝ Հոգաբարձութեանց, Ազգային Երեսփոխաններու եւ Պատգամաւորներու Շաբաթ, 25 Նոյեմբեր 2017-ին, Հովանաւորութեամբ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի, տեղի ունեցաւ Հոգաբարձութեանց, Ազգային Երեսփոխաններու եւ Պատգամաւորներու տարեկան խորհրդաժողովը, Քինկսթընի մէջ։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր բացման աղօթքէն ետք, Թեմէն ներս գործող եկեղեցիներու հոգաբարձութիւնները փոխանցեցին իրենց աշխատանքներուն եւ...

Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Թորոնթոյի Մէջ Ս. Աստուածածանայ Վերափոխաման Տօնին առիթով

Շաբաթ, 12 Օգոստոս 2017-ին, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս ընկերակցութեամբ Ազգային Վարչութեան անդամներուն այցելեց Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցի։ Նոյն երեկոյեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց ձեռնադրութիւններ՝ Դպրաց եւ Կիսա-սարկաւագներու յընթացս Վերափոխման տօնին առիթով տեղի ունեցող ժամերգութեանց։ Կիրակի առաւօտ, Թեմակալ Առաջնորդը պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց։ Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէք եւ խաղողօրհնէք։ Նոյն շաբաթավերջի ընթացքին, Ազգային Վարչութիւնը գումարեց իր լիագումար ժողովը եւ հանդիպում ունեցաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւիյ Հոգեւոր Հովիւին եւ օգնականին ու եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան անդամներուն հետ։

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական 59/16-րդ ժողովը տեղի ունենցաւ 12-13 Մայիս 2017-ի շաբաթավերջին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին եւ Հոգաբարձութեան հիւրընկալութեամբ, Վանգուվըր, Պրիթիշ Գոլոմպիայի մէջ։ Ժողովը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին եւ վերահաստատեց իր անվերապահ կապուածութիւնը Կիլիկիոյ Սուրբ...

«Հորիզոն»ի Դեկտեմբերի առաջին թիւով լոյս տեսաւ Գանատայի Հայոց Թեմի Քրիստոնէութեան դաստիարակութեան խորհուրդի կրօնական նիւթեր պարփակող «Լուսաւորիչ եկեղեցին տան մէջ» յաւելուածը, որ յետ այսու պիտի հրատարակուի ամսական դրութեամբ։ Յաւելուածին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Բաբգէն Արք. Չարեան անդրադառնալով «Լուսաւորիչ»ի առաքելութեան կ՚ըսէ.  «Այս կրօնական ամսաթերթը իր իւրայատուկ դիմագիծով պիտի շօշափէ...

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ   Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական 58/15-րդ ժողովը տեղի ունենցաւ 13-14 Մայիս 2016-ի շաբաթավերջին, Ս. Գէորգ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին եւ Հոգաբարձութեան հիւրընկալութեամբ, Լաւալ, Քէպէգի մէջ։ Ժողովը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին՝ Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռին, եւ կրկին շնորհաւորեց Նորին Սրբութիւնը,...

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us