Շաբաթ, 24 Օգոստոս 2019-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս  Չարեան այցելեց Վանգուվըր, ընկերակցութեամբ ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Պրն. Համբիկ Գարայեանի։ Նոյն օրը երեկոյեան, անոնք ներկայ եղան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ տարեկան քերմէսին, ուր առիթ ունեցան հանդիպելու եւ մտերմիկ պահեր ունենալու համայնքի զաւակներուն հետ։ Անոնք նաեւ հանդիպեցան...

«Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆԻ ՕՐԻՆԱԿՈՎ ՄԵՐ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆԵՐԸ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿԵՆՔ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՎ ԵՒ ՄԵՐ ՀԱՒԱՏՔԻ ՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՒԱՆԴՆԵՐՈՒ ՉԱՓԱՆԻՇՆԵՐՈՎ»             Շեշտեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը               Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման եւ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ նաւակատիքի տօնին առիթով, Թորոնթոյի հայ համայնքը ապրեցաւ հոգեպարար եւ լիացնող ուխտի շաբաթ մը: Ամբողջ շաբթուան ընթացքին,...

Ուրբաթ, 16 Օգոստոս 2019-ի երեկոյան, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան հովուական այցելութիւն մը տուաւ Գէմպրիճի Ս. Նշան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ծխական համայնքին եւ մտերմիկ հանդիպում մը ունեցաւ ծխական շրջանի հայորդիներուն հետ: Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտները «Պատուի առ» ով ընդունեցին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը: Ներկայ...

ԳԵՐԱՊԱՏԻՒ ԳԵՂԱՐԴ Ծ. ՎՐԴ. ՔԻՒՍՊԷԿԵԱՆ Կը նշանակուի Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական եւ Երիտասարդական Բաժանմունքներու Վարիչ   Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիրակութեան եւ Երիտասարդական նորահաստատ Բաժանմունքները իրենց աշխատանքները կը շարունակեն վերակազմակերպ նոր ծրագրաւորումով, նոյն եւ միակ նպատակի մը համար, որ է՝ Գանատահայ հաւատացեալին, ի մասնաւորի՝ երիտասարդին ու պատանիին ջամբել Հայ Առաքելական...

              Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնին՝ Վարդավառին առիթով, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Կիրակի, 28 Յուլիս 2019-ին, հանդիսապետեց Լաւալի Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ փոխանցեց օրուան պատգամը:             Հանդիսաւոր Սուրբ եւ...

Ուրբաթ, 28 Յունիս 2019-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, ընկերակցութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմը ներկայացնող պատուիրակութեան մը, շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն՝ Տիկին Անահիտ Յարութիւնեանի դեսպան նշանակման առթիւ: Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին էին Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեանն ու...

Հովանաւորութեամբ եւ տնօրինումով Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի,  2018 թուականին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադրութեան 100 ամեակին առթիւ, համագործակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի  Շրջանային Վարչութեան, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը հաստատեց «Ս. Ղեւոնդ Երէց» կրօնական շքանշանը, որպէս խթան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտներու՝ արի-արենոյշներու ազգային ու քրիստոնէական կազմաւորման։ Այս առթիւ, Ազգային...

Հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանիս Երիտասարդական բաժանմունքին, 9 Յունիս 2019-էն 16 Յունիս 2019-ը, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ Երիտասարդի Շաբաթ»ը: Ամբողջ շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցան միջոցառումներ, դասախօսական շարքեր ու կլոր սեղաններ, դաստիարակչական ֆիլմերու ցուցադրութիւններ,...

Ուսումնական տարեշրջանի աւարտին, վերջին երկու շաբաթներուն ընթացքին, Թեմիս վարժարանները ունեցան իրենց ամավերջի եւ վկայականաց բաշխման հանդէսներ, հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի։ Առաջնորդ Սրբազանը անձամբ կամ ներկայացուցիչներով իր օրհնութեան եւ գնահատանքի խօսքը ուղղեց շրջանաւարտներուն: Կիրակի, 9 Յունիս 2019-ին, Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ գտնուեցաւ...

Հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդին, Ուրբաթ, 7 Յունիս 2019-ին, Քինկսթընի մէջ սկիզբ առաւ աւանդութեան վերածուած երիտասարդական համախմբումը, որ ունէր «Հաւատք՝ Գործելով» նշանաբանը: Երկօրեայ համախմբումին, Շաբաթ, 8 Յունիս եւ Կիրակի, 9 Յունիս 2019-ին,  մասնակցեցեան...

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us