ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԳԷՄՊՐԻՃԻ Ս. ՆՇԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ

Ուրբաթ, 16 Օգոստոս 2019-ի երեկոյան, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան հովուական այցելութիւն մը տուաւ Գէմպրիճի Ս. Նշան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ծխական համայնքին եւ մտերմիկ հանդիպում մը ունեցաւ ծխական շրջանի հայորդիներուն հետ: Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտները «Պատուի առ» ով ընդունեցին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը: Ներկայ էին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժանապատիւ Տ. Կոմիտաս Աւագ Քահանայ Փանոսեան, Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչ Տիկին Արփի Աշգարեան, Ազգային Երեսփոխաններ, Հոգաբարձութեան կազմի անդամներ, պատկան մարմիններու ե միութեանց ներկայացուցիչներ, Եկեղեցւոյ սարկաւագաց եւ դպրաց դասի անդամներ, ինչպէս նաեւ համայնքի զաւակներ:

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ արծարծելու շրջանի հայութեան եկեղեցական, ազգային, մշակութային եւ ընկերային կեանքը, լսելու համայնքի առաջարկներն ու մշակելու գործունէութեան նոր դաշտեր:

Հանդիպման աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց Հոգեւոր Հովիւն ու հոգաբարձութեան անդամները, շնորհաւորեց ցարդ տարուած աշխատանքներն ու բարի երթ մաղթեց համայնքի յառաջիկայ ծրագիրներուն:

 



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us