ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՀԱՍՏԱՏԱԾ Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի «Ս. ՂԵՒՈՆԴ ԵՐԷՑ» ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՇՔԱՆՇԱՆԻ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐԸ ՔԷՊԷԳԻ ԵՒ ՕՆԹԱՐԻՈՅԻ ՄԷՋ

Հովանաւորութեամբ եւ տնօրինումով Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի,  2018 թուականին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադրութեան 100 ամեակին առթիւ, համագործակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի  Շրջանային Վարչութեան, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը հաստատեց «Ս. Ղեւոնդ Երէց» կրօնական շքանշանը, որպէս խթան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտներու՝ արի-արենոյշներու ազգային ու քրիստոնէական կազմաւորման։

Այս առթիւ, Ազգային Առաջնորդարանը պատրաստեց ու հրատարակեց  գրքոյկ մը, որ կը բովանդակէ քրիստոնէական, կրօնաեկեղեցական, աստուածաշնչային,  պատմական եւ ազգային նիւթեր: Նշենք, որ գրքոյկի օրհնութեան իր խօսքին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կը շեշտէր.- «Այսօր, առաւել եւս կարեւոր է, որ հայ եկեղեցւոյ զաւակ մը հարստանայ ու զինուի կրօնական ու ազգային գիտելիքներով եւ յաղթահարէ ամէն տեսակի մարտահրաւէրներ, որոնք կը խաթարեն մեր ազգային արժէքները»:

«Ս. Ղեւոնդ Երէց» կրօնական շքանշանի առաջին դասընթացքը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 27 Ապրիլ 2019-ին, Մոնթրէալի ու Լաւալի սկաուտներուն համար, իսկ երկրորդը՝ Կիրակի, 16 Յունիս 2019-ին, Թորոնթոյի եւ Գէմպրիճի սկաուտներուն համար: Մասնակից էին մօտաւորապէս 100  սկաուտներ:

Դասընթացքներն ու դասախօսական նիւթերը բովանդակալից ու հմուտ կերպով ներկայացուց Արժանապատիւ Տ. Տաթեւ Աւագ Քահանայ Միքայէլեան:

Սոյն դասընթացքները յաջողութեամբ աւարտողները ի մօտոյ կ’արժանանան «Ս. Ղեւոնդ Երէց» կրօնական շքանշանին՝ ձեռամբ Առաջնորդ Սրբացան Հօր:



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us