«ԻՆՉՊԷՍ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՕՐԵՐՈՒՆ,  ԱՅՍՕՐ ԱՌԱՒԵԼ ԵՒՍ ԿԱՐԻՔԸ ՈՒՆԻՆՔ ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ՝ ՅԱՆՈՒՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՈՒ ԱՇԽԱՐՀԱՍՓԻՒՌ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԶՕՐԱՑՄԱՆ ՈՒ ՊԱՅԾԱՌՈՒԹԵԱՆ»   ՇԵՇՏԵՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ   Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 101րդ տարեդարձին առիթով, Կիրակի, 26 Մայիս 2019-ին, Ս. Պատարագի ընթացքին Հանրապետական Մաղթանք կատարուեցաւ Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան...

Գանատայի Հայոց Թեմի 61/18-րդԱզգայինԵրեսփոխանականԺողովըբացուեցաւՈւրբաթ, 3 Մայիս2019-իյետմիջօրէն,ժամը 1-ին, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի «Ա. Ահարոնեան» սրահին մէջ, նախագահութեամբ Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ մասնակցութեամբԱզգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեանի, հոգեւորականաց դասու Կրօնական ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան անդամներու,Ազգային Երերեսփոխանական  կազմիմեծամասնութեան,ինչպէսնաեւԳործակից Միութիւններու եւ ծխականշրջաններուհոգաբարձութեանցկազմերէնհրաւիրեալներու: Բացմանաղօթքէնետք, ԱռաջնորդՍրբազանՀայրը...

            Գանատայի Հայոց Թեմի ԱզգայինԵրեսփոխանականԺողովներուառիթով, տարիներու բարիաւանդութիւնմըստեղծուածէ«Հայաստանի Ոգին» պատուոյ կոչումին արժանացնել Հայ Դատի եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան աշխատանքներուն նուիրեալուծառայողանձնաւորութիւններ: Այս իմաստով, Ուրբաթ,3 Մայիս 2019-ի երեկոյեան, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի «Ա. Ահարոնեան» սրահին մէջ, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան  «Հայաստանի...

         Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի մեծ ընտանիքը, Ուրբաթ,  3 Մայիս 2019-ի երեկոյեան, Ազգային Առաջնորդարանի յարկին տակ ունեցաւբերկրալի հանդիսութիւնմը, որ գործնական արտայայտութիւնն էր ազգանուէր բարերարներու Առաջնորդարանիս առաքելութեան տածած զօրակցութեան ու հոգատարութեան: Արդարեւ, ամիսներ առաջ, Ազգային Առաջնորդարանի ներքնայարկը հիմնովին վերանորոգուեցաւ՝ յարմարեցուելով անոր առաքելութեան աճող կարիքներուն ու պահանջքներուն,...

«ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԼՈՒՍԱՐՁԱԿ»Ի ՄՈՆԹՐԷԱԼԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ Հինգշաբթի, 2 Մայիս 2019-ին, Մոնթրէալի մէջ կայացաւ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի նախաձեռնած եւ Ազգային Առաջնորդարանի կազմակերպած «Երիտասարդական Լուսարձակ»ի երկրորդ հանդիպումը, որ կը կրէր «Հիմա Է Մեր Ժամանակը, Եկէ՛Ք Զրուցենք» խորագիրը: Երիտասարդական այս հանդիպման առաջին կանգառն էր Թորոնթօն՝...

Հանդիսապետութեամբ ու ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, Կիրակի, 28 Ապրիլ 2019-ին, Լաւալի Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Վարդապետ Թաշճեան մատուցանեց ողջերթի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ: Նշենք, որ Հայր Վարդան մէկ ու կէս տարիներու անխոնջ ծառայութենէն ետք, ...

Հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, Շաբաթ, 27 Ապրիլ 2019-ի առաւօտուն, Հոգեհանգստեան արարողութեամբ ու Սուրբ եւ Անմահ Պատարագով նշուեցաւ հայ ազգային երաժշտութեան հիմնադիր ու յառաջամարտիկ,  հայու հոգին երգով ու երաժշտութեամբ վերծանած՝ անկրկնելի Կոմիտաս վարդապետին ծննդեան 150-ամեակը: Առաջնորդ Սրբազանին կ'ընկերանային Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ...

          Կազմակերպութեամբ Քէպէքի Հայ Համայնքի Միացեալ Մարմնին, Կիրակի, 28 Ապրիլ 2019-ի երեկոյեան, Ս. Յակոբ Վարժարանի «Բաստրմաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 104րդ Ամեակի ոգեկոչման միացեալ հանդիսութիւնը: Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան մասնակցեցաւ հանդիսութեան: https://horizonweekly.ca/en/%D5%BF%D5%A5%D5%B2%D5%AB-%D5%B8%D6%82%D5%B6%D5%A5%D6%81%D5%A1%D6%82-%D6%84%D5%A5%D5%BA%D5%A7%D5%A3%D5%AB-%D5%B0%D5%A1%D5%B5-%D5%B0%D5%A1%D5%B4%D5%A1%D5%B5%D5%B6%D6%84%D5%AB-%D5%B4%D5%AB%D5%A1%D6%81/?fbclid=IwAR2-9p-sabGo9H9ovtqRBf6cpVneLPC07EZlsFcFOhL6l1nqOXSyZ1hJZ7U...

Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ ամեակին առիթով, Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2019-ի առաւօտուն, համայն հայութեան հետ գանատահայութիւնը եւս յիշատակի արարողութիւններով եւ բարեխօսական ու ոգեկոչական հաւաքներով խոնարհեցաւ մեր բիւրաւոր Սուրբ նահատակներուն յիշատակին առջեւ, վերանորոգելով անսակարկելի մեր իրաւունքներուն պահանջատէրի կեցուածքն ու վերականգնելու յանձնառութիւնը։ Արդարեւ, Ապրիլ 24ի առաւօտուն, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ...

  «Կեանքի Պարգեւիչը չէր կրնար զրկուած մնալ կեանքէն Եւ Կենդանութիւն Շնորհողը չէր կրնար չյաղթել մահուան ու մեղքի իշխանին» Շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը Կիրակի, 21 Ապրիլ 2019-ի առաւօտուն, Գանատայի Հայոց Թեմի եկեղեցիները պայծառացան Ս. Յարութեան տօնին կենսաւորող մթնոլորտով։ Մահուան, Խաւարին ու Չարին վրայ Քրիստոսի տարած յաղթանակի օրը՝ Ս. Յարութեան տօնը Գանատահայութիւնը առաջնորդած էր...

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us