«ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԻ ՇԱԲԱԹ»Ը ԼՐՈՒՄԻՆ ՀԱՍԱՒ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳՈՎ  ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ

Հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանիս Երիտասարդական բաժանմունքին, 9 Յունիս 2019-էն 16 Յունիս 2019-ը, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ Երիտասարդի Շաբաթ»ը: Ամբողջ շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցան միջոցառումներ, դասախօսական շարքեր ու կլոր սեղաններ, դաստիարակչական ֆիլմերու ցուցադրութիւններ, ժամերգութիւններ եւ Սուրբ Պատարագ՝ յատուկ երիտասարդներուն համար:
«Երիտասարդական Շաբաթ»ը իր լրումին հասաւ Կիրակի, 16 Յունիս 2019-ին, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագով, որուն ընթացքին եկեղեցիներու Հոգեւոր Հովիւները օրհնեցին երիտասարդները եւ յորդորեցին՝ Աստուծմէ խնդրելու իմաստութիւն, հետամուտ ըլլալու հոգեւոր ու ազգային արժէքներուն, մեր եկեղեցւոյ սրբութիւններով ու ժառանգութիւններով հարստացնելու իրենց միտքերը, եւ մասնագիտութեամբ զինուած ծառայելու հայ ազգին եւ եկեղեցւոյ:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us