ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՆԳՈՒՎԸՐ

Շաբաթ, 24 Օգոստոս 2019-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս  Չարեան այցելեց Վանգուվըր, ընկերակցութեամբ ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Պրն. Համբիկ Գարայեանի։ Նոյն օրը երեկոյեան, անոնք ներկայ եղան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ տարեկան քերմէսին, ուր առիթ ունեցան հանդիպելու եւ մտերմիկ պահեր ունենալու համայնքի զաւակներուն հետ։ Անոնք նաեւ հանդիպեցան եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին՝ Հոգեշնորհ Տ. Գարեգին վարդապետ Շխըրտըմեանին, ինչպէս նաեւ Հոգաբարձութեան եւ Հայ կեդրոնին մէջ գործող միութեանց ներկայացուցիչներուն հետ։

Կիրակի, 25 Օգոստոս 2019-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցեց եւ Սարկաւագ ձեռնադրեց Մհեր Կիս․ Սրկ․ Մարտոյեանը, գնահատելով անոր տարիներու ծառայութիւնը, բծախնդրութիւնը եւ նուիրումը: Ձեռնադրութեան խարտաւիլակն էր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գարեգին Վրդ․ Շխրտմեան։

Իր պատգամին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անդրադարցաւ Սուրբ Աստուածածնայ վերափոխման տօնին, սուրբ Կոյս Մարիամի առաքինութիւններուն, յատկապէս Աստուծոյ կամքին հնազանդելու պատրաստակամութեան։ Ան կոչ ուղեց սիրով եւ խոնարհութեամբ մեր կեաքնը արժեւորելու ծառայութեամբ իւրաքանչիւր ասպարէզի մէջ եւ բոլոր մակարդակներու վրայ։ Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ սրահին մէջ, սրբազան հայրը զրոյց ունեցաւ ներկայ հաւատացեալներուն հետ։

Իսկ Երկուշաբթի, 26 Օգոստոս 2019, «Micheal J. Fox»  սրբահին մէջ տեղի ունեցաւ Սասուն ամառնային ճամբարի փակման հանդէսը։ Սասուն ամառնային ճամբարը երեք շաբաթներու վրայ երկարող դասընթացք մըն է, ուր մասնակից երեխաները կը զօրացնեն իրենց հայերէն լեզուն եւ հայերէն երգել եւ պարել կը սորվին։       Առաջնորդ Սրբազանը Հայրը նախագահեց վերոյիշեալ ճամբարի փակման հանդէսին, գնահատեց համայնքի պատասխանատուները, որոնք սոյն ճամբարը ամէն տարի կը կազմակերպեն, առաւել եւս իր գնհատանաքը յայտնեց յանձնախումբի անդամներուն, բոլոր կամաւոր աշխատողներուն, նուիրատուներուն, դասատուներուն, ինչպէս նաեւ ծնողներուն ու մասնակից երեխաներուն, որոնք կու գան, կը հետեւին ճամբարի դասընթացքներուն եւ հայօրէն կը մեծնան։

 



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us