Գանատայի Հայոց Թեմի նորընտիր Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպսկ. Բարիքեան կը մասնակցի Թեմի բազմաբնոյթ ձեռնարկներուն եւ հանդիսութիւններուն Գանատայի Հայոց Թեմի նորընտիր Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպսկ. Բարիքեան իր անդրանիկ պատարագը մատուցեց եւ քարոզեց, Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ, Թորոնթօ, Մայիս 18, 2014-ին։ Յաջորդող շաբթուան ընթացքին,...

Թեմիս Անդրանիկ Առաջնորդ, Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Սրբ. Արք. Յակոբեանի Քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման 45-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն Ուրբաթ, Մայիս 9, 2014-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Առաջնորդարանի Կանանց Խորհուրդին, տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ, նախագահութեամբ Կիլիկիկեան Իշխան եւ Իշխանուհի տէր եւ տիկին Սամուէլ եւ Անահիտ...

«ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ, ՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀԱՄԵՍՏՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ՈՒ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՈՐԱԿԸ ԿԸ ԿԱԶՄԵՆ» ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՆԹԻԼԻԱՍ- Շաբաթ 26 եւ Կիրակի 27 Ապրիլ 2014-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի, տեղի ունեցաւ Տ. Մեղրիկ Ծ. Վրդ. Բարիքեանի (Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ), Տ,...

ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՀԱՅԵՑԻ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ՄԱՆԿԱԿԱՆ  ՓԱՌԱՏՕՆԸ՝ ԺԱՄԱԴՐԱՎԱՅՐԸ ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ [nggallery id=25] Հովանաւորութեամբ Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Տ. Խաժակ Սրբ. Արք. Յակոբեանի եւ կազմակերպութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Հայեցի Դաստիարակութեան Խորհուրդին ու Մանկական 
Փառատօնի յանձնախումբին, Շաբաթ, Փետրուար 22, 2014-ին, Մոնթրէալի ՀՄԸՄ-Կամք մարզասրահին մէջ, տեղի ունեցաւ աւանդութիւն...

Տ. ԱՐՄԷՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ԻՇԽԱՆԵԱՆԻ ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՕԾՄԱՆ 40-ԱՄԵԱԿ Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Սրբ. Արք. Յակոբեան, Թեմիս Հոգեւորականաց Դասն ու Ազգային Վարչութիւնը՝ կը շնորհաւորեն Տ. Արմէն Աւ. Քհնյ. Իշխանեանի Քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման 40-ամեակը: 40 տարիներու ծառայական վաստակով ու հոգեւոր կեանքի յանձնառութեամբ, Տէր...

ՀՈԳԵՇՆՈՐՀ Տ. ՎԱՐԴԱՆ ԱԲՂ. ԹԱՇՃԵԱՆ ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ԺԱՄԱՆԷ ԼԱՒԱԼ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդառաջելով Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Սրբ. Արք. Յակոբեանի խնդրանքին, տնօրինած է, որ Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Աբղ. Թաշճեանը որոշ ժամանակով ստանձնէ Լաւալի Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ հովութիւնը, նկատի ունենալով, որ տեղւոյն...

The Plenary meeting of the Central Religious Council of the Holy See of Cilicia began yesterday, Thursday, January 23, in Antelias, Lebanon, under the Presidency of His Holiness Catholicos Aram I. The 13-member committee is comprised of representatives of resident members of the Cilician Brotherhood...

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՐԻ 2 0 1 4

Պ Ա Տ Գ Ա Մ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

ԱՆԹԻԼԻԱՍ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմակալ Առաջնորդներուն, Հոգեւոր Դասուն, Ազգային Իշխանութեանց, եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղութեան եւ բացուող Նոր Տարուան խորհուրդով ու պատգամով օծուն այս օրերուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ ու քրիստոնէական ջերմ սիրով կ’ողջունենք ձեզ՝ մաղթելով երկնային բարիքներով լեցուն հարուստ ու երջանիկ օրեր։ Մեր նախաձեռնած աւանդութեան համաձայն, իւրաքանչիւր տարին կը ձօնենք մեր ժողովուրդի կեանքին հետ անմիջականօրէն աղերս ունեցող արժէքի մը, երեւոյթի մը, մտահոգութեան մը կամ նպատակի մը, հրաւիրելով մեր ժողովուրդի զաւակները ամբողջ տարուան ընթացքին այդ մասին խորհրդածելու, անհատապէս թէ հաւաքաբար, ու մանաւանդ գործնական քայլերու դիմելու՝ ի խնդիր մեր ազգի առաւել ծաղկման, մեր եկեղեցւոյ պայծառութեան ու մեր հայրենիքի հզօրացման։ Այս ակնկալութեամբ, 2013 տարին հռչակած էինք «Հայ Մօր Տարի»։ Մեր գաղութներէն ներս տեղի ունեցան բազմազան ձեռնարկներ ու վերաշեշտուեցաւ հայ մօր վիճակուած եզակի դերը, յատկապէս նոր մտահոգութիւններով, տագնապներով ու մարտահրաւէրներով լեցուն ներ-կայ ժամանակներուն։ Նկատի ունենալով հայ ընտանիքէն եւ ընդհանրապէս մեր հաւաքական կեանքէն ներս տարեց սերունդին կատարած յոյժ կարեւոր դերը ու անոր նկատմամբ մեր ունեցած խոր սէրն ու բարձր յարգանքը, 2014 տարին կը հռչակենք՝ «ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՐԻ»։

Գերապատիւ Տ. Մեղրիկ Ծ. Վրդ. Բարիքեան կը նշանակուի Առաջնորդական Փոխանորդ Բարձր տնօրինութեամբ, Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Սրբ. Արք. Յակոբեանի եւ Ազգային Վարչութեան խառն ժողովին, Գերապատիւ Տ. Մեղրիկ Ծ. Վրդ. Բարիքեան կը նշանակուի Առաջնորդական Փոխանորդ, Գանատայի Հայոց Թեմին: Հայր Մեղրիկ Վարդապետի Գանատայի մէջ ծառայութիւնը սկսած է 19 Դեկտեմբեր 2002-ին,...

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us