Paradon 2016

Հայեցի Դաստիարակութեան Խորհուրդի
Մանուկներու Փառատօնը՝ աւարտեց հինգերորդ տարին

Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Հայեցի Դաստիարակու­թեան Խուրհուրդի կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, Փետրուար 6, 2016-ին, «Հաճէթեան» Մարզասրահէն ներս տեղի ունեցաւ Մանուկներու Փառատօնը՝ 4-12 տարեկան երեխաներուն եւ պատանիներուն համար:

Փառատօնի տաղաւարներուն եւ աշխատանքներուն թեմաները կը կեդրոնանային հետեւեալ գլխաւոր Բարեկենդանի տօնին մասին եւ նկատի առնուած էին տաղանդի մրցանք, ձեռային զանազան աշխատանքներ եւ տաղաւարներ, դիմանկարներու ցուցադրութիւն եւ բարեկենդանի խաղեր

Հայեցի Դաստիարակու­թեան Խուրհուրդը մէկտեղ հաւաքած էր Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի համալիրէն ներս գործող կազմակերպութիւններն ու միութիւները, ինչպէս՝ ՀՄԸՄ-ի սկաուտները, ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութիւնը, Համազգայինը, Սուրբ Յակոբ Շաբաթօրեայ եւ Կիրակնօրեայ դպրոցները, Ս. Գէորգ Կիրակնօրեայ դպրոցը եւ ՀՕՄ-ը:



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us