Shiragatsi Awards

DSC_9830Գանատայի Հայոց Թեմի
«ԱՆԱՆԻԱ ՇԻՐԱԿԱՑԻ»ի շքանշանով պարգեւատրուեցան
երաժիշտ եւ ղեկավար՝ Նուրհան Արման
եւ
երաժիշտ երգահան եւ կիթարիստ՝ Լեւոն Իշխանեան

Չորեքշաբթի, 6 Յունուար, 2016-ի առաւօտեան, Սրբազան Հայրը նախագահեց Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան առիթով պաշտուած Ժամերգութեանց։ Այս առիթով մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։ Պատարագեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ քարոզեց հետեւեալ բնաբանով. «Ազգերը քու լոյսիդ պիտի գան, ու թագաւորները՝ քու վրադ ծա-գած պայծառութեան» (Եսայի 60.3)։
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի աւարտին Հայ Կոդրոնի սրահին մէջ, շուրջ 450 հա-յորդիներու, մատուցուեցաւ Սուրբ Ծննդեան Սիրոյ Սեղանը, Նախագահութեամբ՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր։ Այս առիթով, Սրբազան Հայրը անգամ մը եւս մի առ մի շնորհաւորեց բոլոր ներկաներուն Սուրբ Ծննդեան Տօնը։ Իր Հայրական Պատգամով գնահատեց Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ բոլոր բարի ճիգերը եւ ընդառաջելով Եկեղեցւոյ Հովիւներուն եւ Հոգաբարձութեան խնդրանքին, Ազգային Առաջնորդա-րանի «ԱՆԱՆԻԱ ՇԻՐԱԿԱՑԻ»ի շքանշանով զարդարեց երաժիշտ եւ ղեկավար՝ Նուրհան Արմանի ու երաժիշտ երգահան եւ կիթարիստ՝ Լեւոն Իշխանեանի լամբակները։
Այս առիթով Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Սիրոյ Սեղանի նախագահ ամոլին՝ Տէր եւ Տիկին Յարութիւն եւ Ալիս Շիթիլեաններուն, անոնց յանձնելով Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ կողմէ տրամադրուած յիշատակի նուէր մը։ Սիրոյ Սեղանը վերջ գտաւ Սրբազան Հօր Աղօթքով եւ «Խորհուրդ Մեծ» շարա-կանի եւ «Կիլիկիա»ի մաղթերգով։

DSC_9912



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us