Press Release

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ
Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԾՆՈՒՆԴԸ՝

ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԸ ՄԱՐԴՈՒՆ
Aram IԱստուծոյ Որդւոյն ծնունդը Բեթղեհէմի մէջ Յակոբոս Առաքեալ կը բնորոշէ որպէս՝ վերածնունդը մարդուն. «Աստուած կամեցաւ մեզ վերստին ծնիլ» (Յկ 1.18)։ Քրիստոնէական հաւատքին առանցքը կազմող Առաքեալին այս վկայութեան լոյսին տակ, սիրելի հայորդիներ, եկէք նայինք Աստուածաշունչին։
Արդարեւ, Աստուծոյ կամքը սկիզբն է ու մղիչ ուժը Աստուծոյ յայտնութեան։ Աստուած կամեցաւ տիեզերքը ստեղծել. եւ ստեղծեց։ Աստուած կամեցաւ ստեղծել մարդը, որպէս տիեզերքի պահապան եւ իրեն գործակից. եւ ստեղծեց՝ մարդը օժտելով բանականութեան ու ինքնիշխանութեան շնորհներով ու միաժամանակ յիշեցնելով անոր իր ապրած կեանքին ու կատարած գործերուն համար իր Արարիչին համարատու ըլլալու պարտաւորութիւնը։
Հակառակ այն իրողութեան, որ մարդը շահագործեց Աստուծոյ կողմէ իրեն տրուած լայն կարելիութիւնները՝ զանոնք օգտագործելով իր փառքին ու հաճոյքին համար. ինչպէս նաեւ հակառակ այն իրողութեան, որ մարդը իր կեանքին ու կատարած գործին համար մերժեց հաշուետու դառնալ Աստուծոյ, սակայն Աստուած, որպէս գթասիրտ հայր, միշտ բարին կամեցաւ մարդուն համար։ Աստուած իրմէ հեռացած մարդուն մօտեցաւ, իր սէրը մերժած մարդը սիրեց, եւ մոլոր ճամբաներէն քալող մարդը հրաւիրեց քալելու ճշմարիտ ճամբէն։

Սակայն, հակառակ մարդը իր անկեալ վիճակէն ազատագրելու Աստուծոյ բարի կամեցողութեան, մարդը շարունակեց մնալ մեղանչական ու մերժողական ընթացքի մէջ։ Եւ երկնային ի՜նչ պարգեւ եւ անհո՜ւն սէր. մարդուն Երկնաւոր Հայրը



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us