ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 104-ՐԴ ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՆԵՐԿԱՅ ԳՏՆՈՒԵՑԱՒ ՈԳԵԿՈՉԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔՆԵՐՈՒՆ

Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ ամեակին առիթով, Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2019-ի առաւօտուն, համայն հայութեան հետ գանատահայութիւնը եւս յիշատակի արարողութիւններով եւ բարեխօսական ու ոգեկոչական հաւաքներով խոնարհեցաւ մեր բիւրաւոր Սուրբ նահատակներուն յիշատակին առջեւ, վերանորոգելով անսակարկելի մեր իրաւունքներուն պահանջատէրի կեցուածքն ու վերականգնելու յանձնառութիւնը։

Արդարեւ, Ապրիլ 24ի առաւօտուն, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Ազգ. Վարչութեան ու ժողովականութեան անդամներուն հետ միասին այցելեց Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն եւ Բարեխօսական աղօթք կատարեցին մեր մէկ ու կէս միլիոն Սրբացեալ նահատակներուն:

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրրբազանը մասնակցեցաւ Գանատայի Մայրաքաղաք՝ Օթաուայի մէջ, Խորհրդարանին դիմաց կայացած քաղաքական հաւաքին եւ «Պահպանիչ»ով փակեց հանդիսութիւնը:

Աւելի ուշ, Առաջնորդ Սրբազանը մասնակից եղաւ դէպի թրքական դեսպանատուն հաւաք-քայլարշաւին:



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us