ՓՐՈՖԷՍՈՐ ԸՐՈՒԻՆ ԳՕԹԼԸՐ ԱՐԺԱՆԱՑԱՒ «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈԳԻՆ» ՊԱՏՈՒՈՅ ԿՈՉՈՒՄԻՆ

 

          Գանատայի Հայոց Թեմի ԱզգայինԵրեսփոխանականԺողովներուառիթով, տարիներու բարիաւանդութիւնմըստեղծուածէ«Հայաստանի Ոգին» պատուոյ կոչումին արժանացնել Հայ Դատի եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան աշխատանքներուն նուիրեալուծառայողանձնաւորութիւններ:

Այս իմաստով, Ուրբաթ,3 Մայիս 2019-ի երեկոյեան, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի «Ա. Ահարոնեան» սրահին մէջ, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան  «Հայաստանի Ոգին» պատուոյ կոչումին արժանացուց Գանատայի Արդարադատութեան նախկին նախարար, Խորհրդարանի անդամ, մարդկային իրաւանց պաշտպան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան համաշխարհային ճանաչման յառաջամարտիկ Փրոֆէսոր Իրուին Գօթլըրը:

Ներկայ էին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան, հոգեւորականաց դասու Կրօնական ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան անդամներ, Ազգային Պատգամաւորներ, Ազգային Երեսփոխաններ, Գործակից Միութիւններու ներկայացուցիչներ, բարերարներ, բարեկամներ եւ ազգայիններ:

Հանդիսութեան բացման խօսքով հանդէս եկաւ Գանատայի Հայ Դատի Շրջանային յանձնախումբի գործավար Տիար Սեւակ Պէլեան: Ան համառօտ կէտերու մէջ ներկայացուց Փրոֆէսոր Գօթլըրըի ակադեմական ու քաղաքական կենսագրութիւնը: Այնուհետեւ, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան ներկայացուց հայութեան իրաւունքներուն ճանաչման նպատակովՓրոֆէսոր Գօթլըրըի բազմատասնեակ տարիներու աշխատանքն ու իրագործումները:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դրուատիքովանդրադարձաւՓրոֆէսոր Գօթլըրըի երախտիքին, ույուշանուէրով պատուեց զայն:

Աւարտին, ներկաներըվայելեցինպատշաճհիւրասիրութիւն։



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us