ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 150-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄԸ ՔԷՊԷՔ ՔԱՂԱՔԻ ՄԷՋ

Հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, Շաբաթ, 27 Ապրիլ 2019-ի առաւօտուն, Հոգեհանգստեան արարողութեամբ ու Սուրբ եւ Անմահ Պատարագով նշուեցաւ հայ ազգային երաժշտութեան հիմնադիր ու յառաջամարտիկ,  հայու հոգին երգով ու երաժշտութեամբ վերծանած՝ անկրկնելի Կոմիտաս վարդապետին ծննդեան 150-ամեակը:

Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանային Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Վարդապետ Թաշճեան,  Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան, Ազգ. Վարչութեան անդամները, Ազգային Պատգամաւորներ, Երեսփոխաններ, Հոգաբարձուներ, բարերարներ ու բարեկամներ: Ներկայ էր նաեւ Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Արա Մկրտչեանն ու Քէպէքի հայ բնակչութեան ներկայացուցիչներ:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու ներկաները առաջին հերթին համախմբուեցան Կոմիտաս վարդապետի կիսանդրիին շուրջ, որ կը գտնուի Քէպէքի «Բանաստեղծներու զբօսայգի»ն մէջ, եւ այնտեղ կատարեցին Հոգեհանգստեան արարողութիւն: Այնուհետեւ, «La Chapelle Montmarte Canadien» եկեղեցւոյ մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մատուցանեց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ:

Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը հայրը ողջունեց ներկաները, գնահատանք արձանագրեց ոգեկոչական այս գեղեցիկ արտայայտութեան մասին, գնահատելով կազմակերպիչներուն նուիրեալ ծառայութիւնը:

Վեր առնելով հայ երաժշտութեան հանճարին՝ Կոմիտաս Վարդապետի դերն ու տեղը հայ հոգեւոր ու ազգային երաժշտութեան զարգացման մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ «Հայ ժողովուրդը Կոմիտասեան երգով ճանչցաւ իր հոգին եւ ինքնութիւնը: Ան հայ երաժշտութիւնը բարձրացուց միջազգային բեմ, ապացուցելով, որ հայ ժողովուրդը ունի իր ինքնուրոյն մշակոյթը եւ հայ երաժշտութիւնը  համաշխարհային երաժշտական մշակոյթի հպարտութիւններէն է»:

Անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակին, Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ Կոմիտաս Վարդապետ եւս իր կարգին, զոհ դարձաւ հայ մտաւորականութիւնը հարուածած ցեղասպանական ոճիրին, ապրելով աքսորի ու տարագրութեան դժուարութիւնները, «Թէեւ Կոմիտաս փրկուեցաւ թուրքի եաթաղանէն, բայց կորսնցուց իր հաւասարակշռութիւնը, իսկ հայ ժողովուրդը կորսնցուց մշակութային անսպառ գանձ մը», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը:

Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամը եզրափակեց, կոչ ուղղելով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման այս օրերուն, հաստատենք ու վերանորոգենք մեր հաւատքն ու յանձնառութիւնը՝ հաւատարիմ մնալու մեր եկեղեցիին ու մեր ազգին, կոչ յղեց, որ որպէս ժառանգները Կոմիտաս Վարդապետին, քալենք անշեղ, բարձր պահենք հայ ազգի ջահը, եւ պահապանը ըլլանք մեզի ժառանգուած հարստութեանց։

Յանուն Քէպէք քաղաքի հայ բնակչութեան, Տիկին Սեդա Թէլեան շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին եւ շնորհաւորեց անոր քահանայական օծման ու ձեռնադրութեան 35-ամեակը:

Ս. Պատարագէն ետք, ներկաները համախմբուեցան սիրոյ սեղանի մը շուրջ:

 

 

 

 

 

 

 

 



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us