Երկուշաբթի, 2 Դեկտեմբեր 2019-ի յետմիջօրէին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Ազգային Առաջնորդարանի յարկին տակ  ընդունեց այցելութիւնը Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեանին: Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին էին Առաջնորդական Փոխանորդ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեանն ու Ազգային Վարչութեան ատենապետ Պրն. Համբիկ...

Հինգշաբթի, 28. Նոյեմբեր 2019-ին, Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան հանդիպեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրէութեանց եւ Սուրիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին Լիազօր եւ Արտակարգ Դեսպան՝ Տոքթ. Արշակ Փօլատեանին հետ։ Տոքթ. Փօլատեան այժմ կը ներկայացնէ Հայատանը՝ Թունիսի Հանրապետութեան մէջ։ Նոյն օրը, Սրբազան Հայրը հանդիպեցաւ նաեւ Գանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան...

Շաբաթ, 23 Նոյեմբեր 2019-ին, կէսօրէն ետք ժամը 15:30-ին, Գեղարքունիքի մարզի Մաքենիս սահմանամերձ գիւղին մէջ, տեղի ունեցաւ բացումը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Գեղարքունիք Մարզի Մաքենիս գիւղի միջնակարգ դպրոցի համակարգչային դասասրահի, հովանաւորութեամբ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ մեկենասութեամբ Գանատահայ Տէր եւ Տիկին Վարուժան եւ Սիլվա Լափոյեաններու։ Մաքենիս գիւղը յայտնի...

Շաբաթ, 23 Նոյեմբեր 2019-ին, կէսօրուան ժամը 12-ին, Գեղարքունիքի մարզի Գեղամավան գիւղին մէջ, տեղի ունեցաւ բացումը՝ գիւղի համայնքի կեդրոնի հաւաքավայրին, հովանաւորութեամբ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ մեկենասութեամբ Գանատահայ ՏԷր եւ Տիկին Վարուժան եւ Սիլվա Լափոյեաններու։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պաշտօնական բացումն ու օրհնութիւն կատարեց հաւաքավայրին, որ կը...

Չորեքշաբթի, 20  Նոյեմբեր 2019-ի յետ միջօրէի ժամը 4:00-ին,Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, հրաւէրով` Գերաշնորհ Տ. Վրթանէս Եպս. Աբրահամեանի՝ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած Ուժերու Հոգեւոր Առաջնորդ, այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան Ռազմական  Օդագնացութեան Համալսարան, ուր հիւրընկալուեցաւ Զօրավար-Հազարապետ Դանէիլ Կիմի Բալայեանի եւ Գնդերէց Տ. Սիմէոն Քհնյ....

Կիրակի, 10 Նոյեմբեր 2019-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան հանդիսապետեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, աղօթակից ունենալով Առաջնորդական Փոխանորդ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեանն ու Տ. Տաթեւ Աւագ Քահանայ Միքայէլեանը: Ս. Պատարագը մատուցեց...

Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, Շաբաթ, 9 Նոյեմբեր 2019-ի երեկոյան, տեղի ունեցաւ Գէմպրիճի Ս. Նշան Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ տարեկան ճաշկերոյթը, ներկայութեամբ Եկեղեցւոյ սատար հանդիսացող բազմաթիւ ծխականներու: Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին էին Թեմիս Առաջնորդական Փոխանորդ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն...

Հովանաւորութամբ եւ ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ Թեմիս Ազգային Վարչութեան, Շաբաթ 26 Հոկտեմբեր 2019-ի առաւօտուն, Քինկսթընի մէջ տեղի ունեցաւ Թեմիս Ազգային Երեսփոխաններու եւ ծխական շրջաններու Հոգաբարձութեանց միօրեայ խորհրդաժողովը, առիթ ընձեռելով՝ անդրադառնալու ընդհանրական հարցերու եւ հպարտառիթ ձեռքբերումներու, միաժամանակ խորհրդակցելու...

Ազգային Առաջնորդարանիս նորահաստատ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Եւ Երիտասարդական Բաժանմունքները կը վայելեն Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի անվերապահ ու յատուկ հոգածութիւնը: Արդարեւ, հովանաւորութամբ եւ ներկայութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ կազմակերպութեամբ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան եւ Երիտասարդական բաժանմունքներուն, Շաբաթ, 26 Հոկտեմբեր 2019-ին, Քինկսթընի մէջ տեղի ունեցաւ...

Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ Կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանիս Հայեցի Դաստիարակութեան Խորհուրդին, Հինգշաբթի, 24 Հոկտեմբեր 2019-ին, «Ինքնութեան Ճանաչում» խորագրով լսարանը այս անգամ կայացաւ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ «Յովնանեան» սրահին մէջ, նոյնպէս առիթ դառնալով քննարկելու սփիւռքահայութեան ինքնութեան...

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us