ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԵՑ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

Կիրակի, 10 Նոյեմբեր 2019-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան հանդիսապետեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, աղօթակից ունենալով Առաջնորդական Փոխանորդ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեանն ու Տ. Տաթեւ Աւագ Քահանայ Միքայէլեանը: Ս. Պատարագը մատուցեց Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Վարդապետ Թաշճեան:

Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ օրուան աւետարանական ընթերցուածին՝ Յայրոսի աղջկան բժշկութեան դրուագին (Ղկ 8.49-56), եւ մէջբերելով Քրիստոսի Խօսքերը՝ «Մի’ վախնար, միայն հաւատայ եւ ան կ’ապրի», նշեց, որ   Աստուած Իր Միածինը աշխարհ ղրկեց իբրեւ արտայայտութիւն մարդուն հանդէպ իր անսահման սիրոյն, Քրիստոս զոհուեցաւ փրկելու համար մարդկութիւնը եւ հաւատացեալին շնորհելու խաղաղութիւն եւ յաղթանակ, ուստի Քրիստոսի այս արտայայտութիւնը կը մարմնաւորէ Իր առաքելութեան գերագոյն նպատակը՝ զոհաբերում մարդու համար, քաւութիւն մեղաւորին ու անկեալին, եւ վերջապէս՝ յարութեան ու յաւիտենական կեանքի յոյսն ու խոստումը պարգեւել մահկանացուներուս։

Իր պատգամի երկրորդ բաժնին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ «Յիշատակութեան Օրուան» պատգամին, առ ի յարգանք Գանատացի այն բիւրաւոր զինուորներուն, որոնք իյնկան պատերազմի դաշտին մէջ՝ յանուն արդարութեան եւ խաղաղութեան: Ան նշեց, որ հայ ժողովուրդը եւս պատմութեան ընթացքին եղած է յառաջամարտիկ արդարութեան եւ խաղաղութեան համար մղուած մարտերու, որովհետեւ բազմիցս զոհը դարձած է անարդարութեանց ու խժդժութեանց:

Ս. Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն գանատացի ու հայ մարտիկներու հոգւոց խաղաղութեան համար:



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us