ԳԷՄՊՐԻՃԻ Ս. ՆՇԱՆ ՀԱ3Ց. ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ Ս. ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԸ

Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, Շաբաթ, 9 Նոյեմբեր 2019-ի երեկոյան, տեղի ունեցաւ Գէմպրիճի Ս. Նշան Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ տարեկան ճաշկերոյթը, ներկայութեամբ Եկեղեցւոյ սատար հանդիսացող բազմաթիւ ծխականներու:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին էին Թեմիս Առաջնորդական Փոխանորդ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեանը, Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժանապատիւ Տ. Կոմիտաս Աւագ Քահանայ Փանոսեանը, Հոգաբարձութեան կազմի անդամներն ու գործակից միութեանց ներկայացուցիչները:

Արտայայտուեցան բարի գալսեան եւ ողջոյնի խօսքեր:

Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց եւ գնահատեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի անդամները, բոլոր ծառայողները՝ Հոգեւոր Հովիւը, հոգաբարձութեան ու Տիկնանց Յանձնախումբի անդամները, Սարկաւագները, Դպրաց Դասն ու  բարերարները։ Ան դրուատիքով խօսեցաւ եկեղեցւոյ ծառայական կեանքին մէջ նուիրեալներու վաստակին մասին, յորդորելով, որ որպէս Աստուծոյ հօտի անդամներ, պէտք է մեր հաւատքի ծառայական կեանքին մէջ ըլլանք միասին՝ սատար հանդիսանալով եւ օգնելով իրարու, եւ այս բոլորէն վեր՝ հայ ազգին ու եկեղեցւոյ:

Երեկոն շարունակուեցաւ խրախճանքով:



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us