ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ԾՐԱԳՐԱՅԻՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ազգային Առաջնորդարանիս նորահաստատ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Եւ Երիտասարդական Բաժանմունքները կը վայելեն Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի անվերապահ ու յատուկ հոգածութիւնը: Արդարեւ, հովանաւորութամբ եւ ներկայութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ կազմակերպութեամբ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան եւ Երիտասարդական բաժանմունքներուն, Շաբաթ, 26 Հոկտեմբեր 2019-ին, Քինկսթընի մէջ տեղի ունեցաւ զոյգ բաժանմունքներու ծրագրային անդրանիկ հանդիպումը:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին ներկայ էր Թեմիս Առաջնորդական Փոխանորդ եւ  Քրիստոնէական Դաստիարակութեան եւ Երիտասարդական բաժանմունքներու Վարիչ՝ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեան: Հանդիպման կը մասնակցէին Գանատայի Հայոց Թեմի զանազան գաղութներէն ժամանած բաժանմունքներու, ինչպէս նաեւ՝ Թեմիս Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Տեսչական Կազմի ներկայացուցիչներ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան: Ան յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր ողջունեց ներկաները եւ ներկայացուց հանդիպման նպատակը, ապա,  կատարեց Ս. Գրային խորհրդածութիւն մը:

Այնուհետեւ, տեղի ունեցան երեք նիւթերու շուրջ ներկայացումներ: Առաջին նիւթն էր՝ «Ազգային Առաջնորդարանի Վարչական Կառոյցը եւ ընդհանուր գործունէութիւնը», որ ներկայացուց Ազգային Առաջնորդարանի Դիւանապետուհին՝ Տիկին Տանիա Օհանեանը: Երկրորդ նիւթն էր՝ «Բաժանմունքներու գործունէութիւնները եւ ծրագիրները», դասախօս՝ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան:

Հանդիպման երկրորդ բաժինով տեղի ունեցաւ աշխատանոց մը, որուն ընթացքին իւրաքանչիւր Բաժանմունք առանձնաբար քննարկեց իր ծրագիրն ու գործունէութիւնը: Ներկայացուեցաւ յաւելեալ շահեկան դասախօսութիւն մը եւս՝ «Ընկերային Ցանցերու աւելի ազդու եւ արդիւնաւոր գործածութեան հնարաւորութիւնները» նիւթով, որ ներկայացուց Սարգիս Ամիրխանեան:

Այնուհետեւ, բաժանմունքներու անդամները մասնակցեցան Երեսփոխաններու եւ Հոգաբարձուներու միօրեայ խորհրդաժողովի՝ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան եւ Երիտասարդական բաժանմունքներու վերաբերեալ օրակարգին:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց զոյգ բաժանմունքներու անդամները, իրենց նուիրեալ ծառայութեան եւ նախանձախնդիր մօտեցումին համար, մաղթելով, որ յառաջիկային կրօնադաստիարակչական եւ քրիստոնէական հոգեւոր աշխատանքները առաւել եւս ծաւալին, ըլլան արդիւնաւոր եւ նորանոր իրագործումներով հարուստ՝ ի սպաս հայ սերունդներուն։



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us