Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան եւ Կրօնական Ժողովն ու Ազգային Վարչութիւնը, սրտի խոր կսկիծով կը գուժեն Բերիոյ Հայոց Թեմի վաստակաշատ նախկին Առաջնորդ, Գանատայի Հայոց Թեմի Հայրապետական Ներկայացուցիչ եւ Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ ԳԵՐՇ. Տ. ՍՈՒՐԷՆ Ս. ԱՐՔ. ԳԱԹԱՐՈՅԵԱՆԻ վախճանումը, որ...

«Մենք կը նշենք կառոյցի մը, հաստատութեան մը ամեակը, որ սովորական կառոյց չէ, սովորական շէնք չէ, այլ հաւաքականութեան մը ամբողջականութիւնը դրսեւորող, հաւատք, ազգային ոգի եւ հայեցի շունչ դրսեւորող։ Այս եկեղեցւոյ կամարներուն տակ որքա՜ն հաւատացեալներ աղօթած են։ Այս կամարներուն տակ, որքա՜ն մեր հայրերուն շարականները լսուած են։ Այս...

Ուրբաթ, 15 Դեկտեմբեր 2023-ին, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս հիւրընկալեց ՀՄԸՄ-ի Շրջանային Վարչութիւնը Ազգային Առաջնորդարանի «Երուանդ եւ Անի Պասմաճեան» դահլիճէն ներս։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեան եւ Ազգային Վարչութեան կազմը։ Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ եղաւ Ազգային Առաջնորդարանի եւ ՀՄԸՄ-ի համագործակցութեամբ Ղեւոնդ Երէց շքանշանի դասընթացքներուն մասին, որ...

Հինգշաբթի, 14 Դեկտեմբեր 2023-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Ազգային Առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէի նորընտիր կազմի անդամները։ Հանդիպման ներկայ էն նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Պրն. Րաֆֆի Տօնապետեան եւ Ազգային Վարչութեան անդմներըը։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարի գալուստի իր...

Կիրակի, 10 Դեկտեմբեր 2023-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ․ Տ․ Բաբգէն Արք․ Չարեան Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Վանգուվըրի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ ողջունեց Հոգեւոր Հովիւն ու հոգաբարձութիւնը, եկեղեցւոյ բոլոր ծառայողները եւ Հայ Կեդրոնէն...

«Տէր Գառնիկի «Արցախեան սաղմոսներ»ու խորհուրդը ամոքիչ է, ինքնամաքրման մղող, յատկապէս պատերազմէն ետք հոգեխոցուած մեր սերունդին համար։ Բայց միաժամանա՛կ կոչ եւ ուղեցոյց է՝ հոգեխոցէն ետք ՀԱՒԱՏՔՈՎ ու ՅՈՅՍՈՎ վերականգնելու եւ ոգեղէն վերընձիւղումով՝ գոյապայքարի պատրաստուելու համար». Վահագն Գարագաշեան Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ «Արցախեան սաղմոսներ» գրքոյկին շնորհանդէսը Հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց...

Կիրակի, 3 Դեկտեմբեր 2023-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Ուինիփէկի «Chapellenie Cœur-Immaculé-de-Marie» Եկեղեցւոյ մէջ, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ Սարկաւագական ձեռնադրութիւն կատարեց։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէր, Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեանը, որ նաեւ կատարեց ձեռնադրութեան խարտաւիլակութիւնը։ Սարկաւագական Ձեռնադրութիւն ստացաւ՝ Բարեշնորհ Սարմէն...

«Ամենադժուար ու տագնապալից պայմաններուն մէջ իսկ, հայ ժողովուրդը կրցած է խորհրդաւոր գմբէթով դէպի երկինք սլացող ու գաղտնի ճամբայ բացող իր հաւատքի ամրոցը կառուցել», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը 2023-ին կ'ամբողջանայ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 40-ամեակը, որ արգասիքն է իրերայաջորդ առաջնորդներու, հոգեւոր հովիւներու, հոգաբարձուներու եւ հաւատացեալ ժողովուրդի վաստակին, որոնց անդուլ աշխատանքին ու...

Շաբաթ, 11 Նոյեմբեր 2023-ին, Հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանին եւ կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին, տեղի ունեցաւ Սուրբ Գրային միօրեայ ճամբար, Վանգուվըրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համայնքի երեխաներուն համար։ Բաժանմունքի Վարիչ՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեան կատարեց ճամբարի բացումը...

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us