Կիրակի, 24 Մայիս 2026-ին, Հոգեգալստեան տօնին առիթով, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, նախագահեց Լաւալի Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի խորհուրդը։

 

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց, Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ. Յակոբ Քահանայ Գեադայեան։

 

Սուրբ Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընթերցեց Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետի աղօթքը, ուղուած՝ Սուրբ Երրորդութեան։

 

Աղօթքէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փոխանցեց իր պատգամը։

 

«Այնպէս ինչջ Սուրբ Հոգին Վերնատան մէջ եկաւ եւ աշակերտներուն մէջ բնակեցաւ ու անոնց ընդմէջէն խօսեցաւ եւ առաքեալները դարձան վկաները Գշմարիտ Բանին, այսօր եւս նոյն Սուրբ Հոգին մեր եկեղեցիներէն ներս մեր հաւատացեալներուն սրտերուն մէջ էջք կը կատարէ։ Եկէ՛ք բանանք մեր հոգիի վերնատան դռները, որպէսզի Սուրբ Հոգին բնակի մեր մէջ, վերանորոգէ մեզ, ամրապնդէ մեր հաւատքը եւ Իր շնորհքներով զարդարէ մեզ», ըսաւ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս։

 

Ապա, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց Յծումը Տէրունեան երկու սարբապատկերներու՝ Խաչելութեան եւ Յարութեան։

 

Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի