ԵՒ ԴՐՕՇԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
Կիրակի, 31 Մայիս 2026-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Բաբգէն Արք. Չարեան նախագահեց Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը։
Սուրբ Պատարագ մատուցեց Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժն. Տ. Գառնիկ Աւ. Քհնյ. Գոյունեանը։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթակից էին՝ Առաջնորդի Օգնական՝ Հոգշ. Տէր Յակոբ Վրդ. Եագուպեանը, Ազգային Կերոնական Վարչութեան անդամ՝ Բժիշկ Ժիրայր Պասմաճեանը, Ազգային Վարչութեան անդամներ՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեանը, Տիար Յակոբ Պուլկարեանը եւ Տիար Թորոս Պապիկեանը, Ազգային Երեսփոխաններ, եւ Հոգաբարձութեան անդամներ։
Սուրբ Պատարագի կիսուն, Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ կատարուեցաւ Գոհաբանական մաղթանք եւ Դրօշի օրհնութիւն։
Սուրբ Պատարագէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հայ Կեդրոնի շրջափակին մէջ գլխաւորեց դրօշակի արարողութիւնը, որմէ առաջ փողերախումբը բացումը կատարեց Գանատայի, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգներով:
Սրտի խօսքերով հանդէս եկան՝ ՀՄԸՄ-Կամք Մոնթրէալի մասնաճիւղի վարչութեան ներկայացուցիչ Արբի Գազարեանն ու ՀՅԴ Մոնթրէալի «Միհրան Փափազեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Յարութ Դաւիթեան։
Աւարտին, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս փոխանցեց իր պատգամը, ըսելով. «Այսօր Մայիս 28-ն կու գայ մեզի յիշեցնելու, որ մենք հաւատարիմ պէտք է մնանք, որպէս ժառանգորդները մեր նահատակներուն, իրենց կտակին՝ շարունակելու մեր պայքարը, որովհետեւ այդ պայքարի ոգին է, որ մեր ժողովուրդին ուժ եւ կամք տուած է, որ մենք տէրը ըլլանք մեր արժէքներուն: Այսօր մեր խորհրդանիշները կը պղծուին. մեր գաղափարաբանութեան, պետականութեան ու բանակի խորհրդանիշները ոչ ոք իրաւունք ունի կեղծելու եւ վտանգելու: Մենք տէրը պէտք է ըլլանք մեր սրբութիւններուն եւ խորհրդանիշներուն, եւ այսպէս համախմբուելով պիտի նշենք այս տօնը, յանուն մեր այսօրուան պայքարին եւ յանուն վաղուան մեր յաղթանակին»:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» օրհներգով վերջ գտաւ պաշտօնական արարողութիւնը։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ



















