Գերապատիւ Տէր Վարդան Ծգ. Վրդ. Թաշճեանը, ներկայ գտնուեցաւ Թորոնթոյի Միսիսակա շրջանի, Ս. Շարպել եկեղեցի, աղօթակից եւ սգակից դառնալու Մարունիթ համայնքի հովիւ լուսահոգի Մոնսէնիոր Ճոզէֆ Սալամէի տան կարգին, սոյն եկեղեցիէն ներս, ներկայացնելով Գանատայի Թեմիս Առաջնորդ, Գերաշնորհ Տէր Բաբգէն Արքեպիսկոպոսը, Հայր սուրբը  փոխանցեց Սրբազան հօր ցաւակցութիւնները եւ...

Հովանաւորութեամբ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, բարեխնամ Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի, տեղի պիտի ունենայ «Հայ Եկեղեցւոյ Սուրբ Գրային Ուղղափառութիւն» (ՀԵՍԳՈ) տարրական դասընթացք, սկսեալ 7 Փետրուար 2024-ին, Ազգային Առաջնորդարանի «Երուանդ եւ Անի Պասմաճեան» դահլիճէն ներս։ «Հայ Եկեղեցւոյ Սուրբ Գրային Ուղղափառութիւն» տարրական դասընթացքը, որուն վարիչն ու դասախօսն է...

Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով, Կիրակի, 7 Յունուար 2024-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Ուինտզըրի Ս. Ստեփանոս Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ համայնքին համար, տեղւոյն Մար Շարպէլ Մարոնիթ Եկեղեցւոյ մէջ: Ներկայ էր նաեւ Ազգային Վարչութեան Ատենապետ Տիկին Ծովիկ...

Ս. Նշան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 40-ամեակին առթիւ, Շաբաթ, 6 Յունուար 2024-ին Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ, տեղի ունեցաւ յոբելենական ճաշկերոյթ, Գէմպրիճի մէջ։ Ներկայ էր նաեւ Ազգային Վարչութեան Ատենապետ Տիկին Ծովիկ Թերզեան եւ եկեղեցւոյ մօտ ներկայացուցիչ Տիկին...

Շաբաթ, 6 Յունուար 2024-ի առաւօտուն, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Գէմպրիճի Ս. Նշան Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ: Սրբազան արարողութեան խորանին ծառայեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան։ Ներկայ էր նաեւ Արժանապատիւ Տ....

Այսօր տօն է Սուրբ Ծննդեան։ Այսօր դարձեալ կը փայլի աստղը Բեթղէհէմեան աւետելու ծնունդը՝ Արեգակին, ծնունդը՝ Խաղաղութեան Իշխանին, ծնունդը՝ Նոր Ադամին, ծնունդը՝ Անսահման ողորմութեան, ծնունդը՝ Յոյսի եւ անվերապահ Սիրոյ։ Այսօր Բեթղէհէմի մսուրէն մարմնացեալ անվերապահ սէրն է, որ ճառագայթելով կը պատգամէ, պատրաստ է տնօրինական Իր կեանքը ապրելու եւ Իր...

Շաբաթ, 30 Դեկտեմբեր 2023-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Կիրակնամտից ժամերգութեան աւարտին, Լաւալի Ս. Գէորգ Եկեղեցիէն ներս, Դպրաց եւ Կիսասարկաւագաց ձեռնադրութիւն կատարեց։ Ձեռնադրութեան խարտաւիլակութիւնը կատարեց Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ. Յակոբ Քահանայ Գեադայեան: Ձեռնադրութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց ձեռնադրեալ նորընծայ դպիրներն...

Այսօր, նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի, տեղի ունեցաւ վախճանեալ՝ Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի թաղման եւ գերեզմանի կարգը Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս: Գերեզմանի կնքումը կատարուեցաւ ձեռամբ Գանատայի Տիրախնամ Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի։ Մասնակից էր նաեւ Մոնթրէալի՝ Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր...

«Հայ եկեղեցին է, որ պայծառացաւ իր նուիրումով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնն է, որ զօրացաւ եւ մեր ժողովուրդն է, որ հպարտացաւ իր ծոցէն ծնած հարազատ զաւակով»։ Ողջո՜յն քեզ Սեղան սրբութեան, Ողջո՜յն ձեզ դասք քահանայութեան, Ողջո՜յն ձեզ մանկունք եկեղեցւոյ, Ողջո՜յն ձեզ հաւատացեալ եղբարք իմ ի Քրիստոս, Ես ճանապարհորդեցի առ Արարիչն իմ, առ Քրիստոս յոյսն ամենեցուն։ Հոգելոյս...

Չորեքշաբթի, 20 Դեկտեմբեր 2023-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան Ազգային Առաջնորդարանէն ներս ընդունեց, Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարանի Տնօրէն՝ Տիկին Լոռի Ապրաքեանը, աշակերտական խորհուրդի պատասխանատու՝ Պրն. Մոսիկ Արզումանեանը եւ Վարժարանի աշակերտական խորհուրդի անդամները։ Այցելութեան նպատակն էր՝ ամիսներու ընթացքին զանազան ծրագիրներէ եւ ուտեստեղէններու...

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us