09 Nov Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԱՂՕԹՔ ՄԱՏՈՒՑԵՑ ԵՒ ՊԱՏԳԱՄ ՓՈԽԱՆՑԵՑ ԱՄՆ ՔՈՆԿՐԷՍԻՆ
Հինգշաբթի, 9 Նոյեմբեր 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց ԱՄՆ Քոնկրէսի կեդրոնատեղին, Ուաշինկթընի մէջ։ Նորին Սրբութիւնը աղօթքով բացումը կատարեց խորհրդարանի նիստին: Խորհրդարանին կից գտնուող սրահին մէջ, Արամ Ա. Կաթողիկոսին ի պատիւ տրուած ընդունելութեան ընթացքին, Հայրապետը յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցաւ շարք մը խորհրդարանի անդամներու հետ։ Հանդիպումներու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ...