Հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, Թեմիս Կրօնական Ժողովն ու Ազգային Վարչութիւնը մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրեցին Արցախէն Հայաստանի Սիւնիքի սահմանը հատող հայորդիներուն, որոնք մազապուրծ ճողոպրած էին ազէրիական ցեղասպանական հալածանքներէն։։ Գանատայի Հայոց Թեմը ներկայացնող պատուիրակութիւնը Երեւանի մէջ համախմբեց կամաւորական խումբ մը եւ...

Ուրբաթ, 25 Նոյեմբեր 2022-ին, Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի, նախագահեց Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ «Մեղրիկ Բարիքեան» դպրաց դասի ամանորի համերգը։   «Մեղրիկ Բարիքեան» կրտսերաց դպրաց դասը, ղեկավարութեամբ Տիկին Հիլտա Գանտահարեանին, ելոյթ ունեցաւ ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան երգերով։ Համերգի բացումը կատարեց եկեղեցւոյ...

Երեքշաբթի, 22 Նոյեմբեր 2022-ին, Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, ընկերակցութեամբ Արժանապատիւ Տ. Գառնիկ Աւ. Քահանայ Գոյունեանին եւ Ազգային Վարչութեան անդամ Տիկին Աննա Պուլկարեանին, ներկայ գտնուեցաւ Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարանի վերանորոգուած խմբավայրի բացման։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը աղօթքով օրհնեց եւ ապա պաշտօնական բացումը կատարեց Աննա եւ Մանուկ Չուխաճեան...

Կիրակի, 13 Նոյեմբեր 2022-ին, Ս. Նշան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ դպրաց ձեռնադրութիւն, ձեռամբ՝ Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Սրբ. Արք. Չարեանի եւ խարտաւիլակութեամբ՝ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեանի։ Ձեռնադրուեցան երկու դպիրներ եւ մէկ դպրուհի, որոնք Աստուծոյ շնորհքով...

12 Նոյեմբեր 2022-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ, Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, ներկայ գտնուեցաւ Գէմպրիճի Ս. Նշան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ տարեկան ճաշկերոյթին, ուր նշուեցաւ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 39-րդ տարեդարձը։ Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ Ազգային Վարչութեան անդամ՝ Տիկին Արփի Աշքարեան։ Ճաշկերոյթի ընթացքին, Ազգային Առաջնորդարանի եւ Առաջնորդ Սրբազան...

Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ Գէմպրիճի Հայ Կեդրոնի յարկին տակ գործող միութիւններուն, ինչպէս նաեւ Ս. Նշան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ, Ուրբաթ, 11 Նոյեմբերին, Գէմպրիճի Հայ Կեդրոնի Փոսթաճեան սրահին մէջ5 տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանդիսութիւն, նուիրուած՝ Մկրտիչ Խրիմեան «Հայրիկ»-ին վախճանման 115-րդ տարելիցին, ուր...

Նոյեմբեր 11-ի երեկոյեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մասնակցեցաւ Գէմպրիճի ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան «Արամ Մանուկեան» մասնաճիւղի կազմակերպած մոմավառութեան, նուիրուած Արցախի 44-օրեայ պատերազմի զոհերու յիշատակին։     [ngg src="galleries" ids="7" display="basic_thumbnail" thumbnail_crop="0"]...

Երեքշաբթի, 1 Նոյեմբեր 2022-ին, Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Ազգային Առաջնորդարանէն ներս ընդունեց Հայ Տունի Վարչութեան անդամները, գլխաւորութեամբ Տիկին Նայիրի Թաւլեանի, Սեւակ Կոստանեանի եւ Թալին Լատոյեանի։ Հանդիպման ընթացքին Հայ Տունի վարչականները Առաջնորդ Սրբազան Հօր ծանօթացուցին հաստատութեան կատարած աշխատանքներուն մասին։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մեծապէս գնահատեց հաստատութեան...

Հինգշաբթի, 3 Նոյեմբեր 2022-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց բացումը, Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարանի նորակառոյց համակարգչային ստեղծագործարանին։ Գերաշնորհ Տէր Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանին կ՚ընկերակցէին Արժանապատիւ Տէր Գառնիկ Աւագ Քահանայ Գոյունեան, Հոգեւոր Հովիւ Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ եւ Արժանապատիւ Տէր Յակոբ Քահանայ Գեադայեանը, Հոգեւոր Հովիւ Ս. Գէորգ Հայաստանեայց...

Երկուշաբթի, 31 Հոկտեմբեր 2022-ին, Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան այցելեց Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Մոնթրէալի եւ Արեւելեան Գանատայի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Պուլոս Եպիսկոպոս Էլպառամուսին։ Տեսակցութեան ներկայ էր, Լաւալի Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տէր Յակոբ Քահանայ Գեադայեան։ Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցաւ երկու Քոյր Եկեղեցիներու ունեցած բարեկամական...

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us