«Հայ Եկեղեցւոյ Սուրբ Գրային Ուղղափառութիւն» դասընթացքի երկրորդ դասապահը տեղի ունեցաւ՝Երեքշաբթի, 12 Մարտ 2024-ին, օրհնութեամբ՝Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի,Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմին, եւկազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի«Ուսումնագիտական ԾրագիրներուԲաժանմունքին»։   Դասընթացքի դասախօս՝ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վարդապետ Քիւսպէկեան, խօսեցաւ Աստուծոյ գոյութիւնը ապացուցող՝ տիեզերաբանական, բարոյական, էաբանական եւ այլ փաստարկներու մասին, ինչպէս նաեւ՝անդրադարձաւ մարդկային կեանքի իրականութեան մէջ, բարի եւ ամենակարող Աստուծոյ եւ չարի ու չարիքի գոյակցութեան իրողութեան, ապա նաեւ՝ աստուածճանաչութիւնը Քրիստոսի անձին եւ հաւատացեալի փորձառական կեանքին ընդմէջէն թեմաներուն։ Աւարտին, Հայր Գեղարդ պատասխանեց երիտասարդներուն կողմէ ուղղուած հարցումներուն։     Հայ Եկեղեցւոյ Սուրբ Գրային Ուղղափառութիւն(ՀԵՍԳՈ) տարրական այս դասընթացքը իւրայատուկծրագիր մըն է, որ կը միաձուլէ սուրբ գրային եւտեսական աստուածաբանութեան մօտեցումները։    Դասընթացքի առաջին կիսամեակը կ՚աւարտիՄայիսին իսկ երկրորդը կը սկսի՝ Սեպտեմբեր 2024-ին։   Սոյն դասընթացքը մաս կը կազմէ ԱզգայինԱռաջնորդարանի հիմնական ծրագիրներուն, որպիտի ունենայ շարունակական ընթացք եւիւրաքանչիւր նոր կիսամեակի պիտի ընդունի նորդիմողներ։ Յաջորդ կիսամեակին մասնակցիլփափաքողները կրնան դիմել ԱզգայինԱռաջնորդարան։   ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ   [ngg src="galleries" ids="76" display="basic_thumbnail" thumbnail_crop="0"]...

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, 12-14 Մարտ 2024-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռի Մայրավանքին մէջ, Անթիլիաս – Լիբանան, պիտի գումարուի Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու խառն նիստեր։   Կրօնական Ժողովը՝ իր նիստը պիտի գումարէ, ուր պիտի քննուին առաւելաբար կրօնական բնոյթ ունեցող ծրագիրներ ու աշխատանքներ։...

Ուրբաթ, 8 Մարտ 2024-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշանորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանէն ժամանած Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ՝ Պարոն Զաքար Քէշիշեանի։   Այցելութեան ներկայ էր նաեւ Համազգայինի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետ՝ Տիկին Թամար Շահինեանը։   Հանդիպման աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յուշանուէր մը յանձնեց Պարոն Քէշիշեանին։ [ngg src="galleries"...

Կիրակի, 3 Մարտ 2024-ին, Հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին եւ համագործակցութեամբ Ս. Յակոբ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին ու Կիրակնօրեայ Դպրոցին, տեղի ունեցաւ Սուրբ Գրային միօրեայ ճամբար, Մոնթրէալի համայնքի երեխաներուն համար։   Բաժանմունքի Վարիչ՝ Հոգեշնորհ Տ....

Օրհնութեամբ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմին, Փետրուար 12-18, Հայաստանի վեց շրջաններու մէջ իրականացուեցաւ «Արցա՛խ, Մեր Տուն» մարդասիրական օժանդակութիւն՝ Արցախէն բռնի տեղահանուած եւ Հայաստան բնակութիւն հաստատած հայորդիներուն համար։   Առ այդ, յատուկ առաքելութեամբ, Գանատայէն Հայաստան ժամանեցին Թեմիս Կրօնական Ժողովի Ատենապետ, Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ....

Հովանաւորութեամբ՝ Գերաշնորհ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ համախորհուրդ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ. Գանատայի Շրջանային Վարչութեան, 2019-ին հաստատուեցաւ «Ս. Ղեւոնդ Երէց» կրօնական շքանշանը, իբրեւ խթան հայեցի դաստիարակութեան եւ քրիստոնէական կազմաւորման։   Կիրակի, 25 Փետրուար, 2024-ին, նախագահութեամբ Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, Սուրբ Նշան...

Կիրակի, 25 Փետրուարին, Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանի «Յովհան Մանդակունի» շքանշանով պարգեւատրեց տեարք Կարպիս Հանէշեան եւ Մանաս Ղազարեան, իրենց անսակարկ նուիրումին եւ երկարամեայ ծառայութեան համար։   Սոյն շքանշանը կը տրուի, Ս. Նշան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ քառասնամեակի ծիրէն ներս։ [ngg src="galleries" ids="66" display="basic_thumbnail" thumbnail_crop="0"]...

Ուրբաթ, 23 Փետրուար, 2024-ին, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան նախագահեց խաղաղական եւ հանգստեան «ՀՍԿՈՒՄ»ի ժամերգութեան հոգեպարար արարողութիւնը։   Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթակից էր Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Տաթեւ Աւ. Քհնյ. Միքայէլեան:   Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը Հայրը յաւուր պատշաճի...

Հովանաւորութեամբ՝ Գերաշնորհ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ համախորհուրդ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ. Գանատայի Շրջանային Վարչութեան, 2019-ին հաստատուեցաւ «Ս. Ղեւոնդ Երէց» կրօնական շքանշանը, իբրեւ խթան հայեցի դաստիարակութեան եւ քրիստոնէական կազմաւորման։   Կիրակի, 18 Փետրուար, 2024-ին, նախագահութեամբ Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, Սուրբ Գէորգ...

Հինգշաբթի, 15 Փետրուար 2024-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը այցելեց Մոնթրէալի գաղութի ղեկավարներէն՝ Պրն. Ստեփան Չաքմաքճեանին, անձամբ պարգեւատրելու զայն՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սուրբ Աթռոի «Կիլիկեան Ասպետ» Շքանշանով։   Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ 65-ամեակի տօնակատարութեան ծիրէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի սրբատառ Կոնդակով, Պրն. Չաքմաքճեան արժանացաւ վերոնշեալ պատիւին։   Առաջնորդ...

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us