ԳԵՐԱՇՆՈՐՀ Տ. ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՉԱՐԵԱՆ ԳԷՄՊՐԻՃԻ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՀԵՏ Կիրակի, 9 Սեպտեմբեր 2024-ին, Մուսա Լերան Հերոսամարտի եւ Սուրբ Նշան Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Սուրբ Նշան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ, Գէմպրիճ։ Սուրբ Պատարագին Առաջնորդ...

ԳԵՐԱՇՆՈՐՀ Տ. ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՉԱՐԵԱՆ ԳԷՄՊՐԻՃԻ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՀԵՏ Շաբաթ, 8 Սեպտեմբեր 2024-ին, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս կատարեց աղօրհնէքի արարողութիւն, Գէմպրիճի մէջ տեղի ունեցած Մուսա Լերան հերոսամարտի նուիրուած տօնակատարութեան եւ Ս. Նշան եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօներուն առիթով։ Արարողութեան Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին էին՝ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան, Հոգեւոր Հովիւ...

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՎԵՐԱՄՈՒՏ Սիրելի աշակերտ եւ աշակերտուհիներ, Հոգեկան անհուն ուրախութեամբ եւ ջերմ սիրով կ՚ողջունեմ ձեզ 2024-2025 տարեշրջանի դպրոցական վերամուտին առիթով։ Վերամուտ...

ՈՂՋԵՐԹԻ ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ Կիրակի, 25 Օգոստոս 2024-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն ԱրքեպիսկոպոսՉարեան, նախագահեց Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը։ Ողջերթի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց՝ Գերապատիւ Տ. Վարդան Ծայրագոյն ՎարդապետԹաշճեան։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց Գերապատիւ Տ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Թաշճեանիհնգամեայ ծառայութիւնը։ «Հայր...

«ԻՄ ԳԵՏԱԿՍ» ՍՈՒՐԲ ԳՐԱՅԻՆ ՃԱՄԲԱՐ «ԿՐԹԷ ՄԱՆՈՒԿԸ ԻՐ ՃԱՄԲԱՆ ՍԿՍԱԾ ԱՏԵՆԸ,ՈՐՊԷՍԶԻ ԻՐ ԾԵՐՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆՆ ԱԼ ԱՆԿԷ ՉԽՈՏՈՐԻ» (ԱՌԱԿԱՑ 22:6): Հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. ԲաբգէնԱրքեպիսկոպոս Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի ՔրիստոնէականԴաստիարակութեան Բաժանմունքին, 24 եւ 25 Օգոստոս 2024-ին, տեղի ունեցաւ «ԻՄ ԳԵՏԱԿՍ» ՍուրբԳրային Ճամբարը, Լաւալի...

Կիրակի, 18 Օգոստոս 2024-ին, Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Սուրբ Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ, Թորոնթօ: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամին ընդմէջէն վեր առաւ Աստուածամօր առաքինութիւնները եւ աղօթեց առ բարձրեալն Աստուած, որ Գանատահայ մեր գաղութները Աստուածամօր...

«Հայ Եկեղեցւոյ Սուրբ Գրային Ուղղափառութիւն» դասընթացքի երկրորդ դասապահը տեղի ունեցաւ՝Երեքշաբթի, 12 Մարտ 2024-ին, օրհնութեամբ՝Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի,Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմին, եւկազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի«Ուսումնագիտական ԾրագիրներուԲաժանմունքին»։   Դասընթացքի դասախօս՝ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վարդապետ Քիւսպէկեան, խօսեցաւ Աստուծոյ գոյութիւնը ապացուցող՝ տիեզերաբանական, բարոյական, էաբանական եւ այլ փաստարկներու մասին, ինչպէս նաեւ՝անդրադարձաւ մարդկային կեանքի իրականութեան մէջ, բարի եւ ամենակարող Աստուծոյ եւ չարի ու չարիքի գոյակցութեան իրողութեան, ապա նաեւ՝ աստուածճանաչութիւնը Քրիստոսի անձին եւ հաւատացեալի փորձառական կեանքին ընդմէջէն թեմաներուն։ Աւարտին, Հայր Գեղարդ պատասխանեց երիտասարդներուն կողմէ ուղղուած հարցումներուն։     Հայ Եկեղեցւոյ Սուրբ Գրային Ուղղափառութիւն(ՀԵՍԳՈ) տարրական այս դասընթացքը իւրայատուկծրագիր մըն է, որ կը միաձուլէ սուրբ գրային եւտեսական աստուածաբանութեան մօտեցումները։    Դասընթացքի առաջին կիսամեակը կ՚աւարտիՄայիսին իսկ երկրորդը կը սկսի՝ Սեպտեմբեր 2024-ին։   Սոյն դասընթացքը մաս կը կազմէ ԱզգայինԱռաջնորդարանի հիմնական ծրագիրներուն, որպիտի ունենայ շարունակական ընթացք եւիւրաքանչիւր նոր կիսամեակի պիտի ընդունի նորդիմողներ։ Յաջորդ կիսամեակին մասնակցիլփափաքողները կրնան դիմել ԱզգայինԱռաջնորդարան։   ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ   [ngg src="galleries" ids="76" display="basic_thumbnail" thumbnail_crop="0"]...

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, 12-14 Մարտ 2024-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռի Մայրավանքին մէջ, Անթիլիաս – Լիբանան, պիտի գումարուի Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու խառն նիստեր։   Կրօնական Ժողովը՝ իր նիստը պիտի գումարէ, ուր պիտի քննուին առաւելաբար կրօնական բնոյթ ունեցող ծրագիրներ ու աշխատանքներ։...

Ուրբաթ, 8 Մարտ 2024-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշանորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանէն ժամանած Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ՝ Պարոն Զաքար Քէշիշեանի։   Այցելութեան ներկայ էր նաեւ Համազգայինի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետ՝ Տիկին Թամար Շահինեանը։   Հանդիպման աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յուշանուէր մը յանձնեց Պարոն Քէշիշեանին։ [ngg src="galleries"...

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us