Շաբաթ 17, Յունիս 2017ին, տեղի ունեցաւ «Դրօ եւ Աննա Փիլիկեան», շաբաթօրեայ վարժարանի ամավերջի հանդէսը։ Հանդէսին ներկայ էին, Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեան, Արժանապատիւ Տ. Գառնիկ Աւագ Քհնյ. Գոյունեան եւ Արժանապատիւ Տ. Գաբրիէլ Քհնյ. Գամայեանը։ Բացման խօսքը կատարեց վարժարանի տնօրէն՝ Իվան Սրկ....

Թորոս Պապիկեան արժանացաւ «Յովհան Մանդակունի» Շքանշանին Կիրակի, 4 Յունիս 2017-ին, Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի ձեռամբ, Պրն. Թորոս Պապիկեան արժանացաւ «Յովհան Մանդակունի» Ազգային-Եկեղեցական ծառայութեանց շքանշանին։ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, Արժանեաց Գիրը ընթերցեց Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեանը։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր...

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական 59/16-րդ ժողովը տեղի ունենցաւ 12-13 Մայիս 2017-ի շաբաթավերջին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին եւ Հոգաբարձութեան հիւրընկալութեամբ, Վանգուվըր, Պրիթիշ Գոլոմպիայի մէջ։ Ժողովը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին եւ վերահաստատեց իր անվերապահ կապուածութիւնը Կիլիկիոյ Սուրբ...

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us