ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐ

            Գանատայի Հայոց Թեմը ուրախութեամբ կը յայտնէ Ազգային Առաջնորդարանի երեք երիտասարդ դեսպաններու նշանակումները, որոնք պիտի օժանդակեն Առաջնորդարանիս յարատեւ զարգացող կարիքներուն, ապահովելու համար երիտասարդութեան հոսքը, ներգրաւուածութիւնն ու յանձնառութիւնը՝ Գանատայի ողջ տարածքին:

            Երիտասարդ դեսպաններու այս խումբը կը բաղկանայ 25-40 տարեկան, տարբեր մասնագիտութիւններու մէջ յառաջատար անձերէ, որոնք Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ անդամ են եւ երկար տարիներու վաստակ ունին Առաջնորդարանիս առաքելութեան մէջ:

            Ազգային Առաջնորդարանի Երիտասարդ դեսպաններն են.-

  • Օրդ. Նազիկ Հանէշեան, Գէմպրիճէն՝ Օնթարիօ: Մասնագիտութեամբ թուային ռազմավարութեան խորհրդատու եւ Թորոնթոյի համալսարանի առեւտրական կառավարման ծրագրի (MBA) դասախօս: Ան նաեւ հիմնադիրն է «Nazelie Designs» ոսկերչական հաստատութեան: Ան իր ստեղծագործական արուեստի միջոցաւ դրամահաւաքներ կազմակերպած է Հայաստանի ու Արցախի համար: Ան ստացած է Պատուուաւոր Պսակաւորի վկայականը «Wilfrid Laurier» համալսարանէն՝ տնտեսագիտութեան, առեւտրական կառավարման եւ ֆրանսերէն լեզուի մէջ, իսկ մագիստրոսի կոչումը՝ Թորոնթոյի «Rotman School of Management» համալսարանէն:

Աշխուժօրէն մասնակից է ազգային կեանքին, անդամակցած է եւ վարչական պաշտօններ ստնացնած է Գանատայի Երիտասարդական Միութեան, Պատանեկան Միութեան ու Համզգայինին մէջ: Ուսուցիչութիւն կատարած է ՀՕՄ-ի Գէմպրիճի մասնաճիւղի շաբաթօրեայ դպրոցին մէջ եւ աւելի քան 18 տարիներու երգեհոնահարը Ս. Նշան Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ:

  • Սարգիս Սարկաւագ Կիտանեան, Թորոնթոյէն՝ Օնթարիօ: Աւարտած է Թորոնթոյի համալսարանի քաղաքագիտութեան եւ երաժշտութեան բաժինները՝ ստանալով Պսակաւոր Արուեստից կոչումը: Այժմ Օնթարիոյի Նահանգային խորհրդարանի ընտրուած պատգաւորի գործադիր օգնականն է:

Որպէս սարկաւագ կը ծառայէ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ: Սարգիս Սարկաւագին համար Հայ եկեղեցին եղած է առաջին դպրոցը, ուր ան վաղ տարիքին սորված է հայոց ոսկեղնիկ լեզուն:

  • Տիկին Արազ Թոքմահճի, Մոնթրէալ՝ Քէպէգէն : Ան աւելի քան 23 տարիներէ ի վեր կը բնակի Մոնթրէալի մէջ, իսկ մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը ապրած է Տուպայի մէջ, Միացեալ Էմիրութիւններ:

Ան կ’աշխատի «Pharmacy Operations Innomar Strategies»ին մէջ, որ դեղագործական, կենսաճարտարարուեստի  ու առողջապահութեան ոլորտի մասնագէտներու առաջատար ծառայութիւններ մատուցող ընկերութիւն է Գանատայի մէջ: Ան աւարտած է «Concordia» համալսարանի Բջիջային եւ մոլեգիւլային կենսաբանութեան բաժինը, եւ այնուհետեւ, «McGill» համալսարանէն ստացած է առողջապահութեան կառավարման վկայական: Ան անդամ է Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ, Համազգայինի Մոնթրէալի «Սանահին» եւ ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղերուն      

Որպէս երիտասարդ դեսպաններ, վերոնշեալ երեք անհատները պիտի ներկայացնեն Ազգային Առաջնորդարանը եւ մօտէն պիտի աշխատին երիտասարդներուն հետ, զօրացնելու համար անոնց կապը Հայ եկեղեցւոյ ու Ազգային Առաջնորդարանին հետ, աջակցելով անոնց անհատական, հոգեւոր ու մասնագիտական աճին, հաւատքի ամրապնդման ու համայնքի ծառայական կեանքի մէջ ներգրաւման: Դեսպանները պատասխանատու պիտի ըլլան երիտասարդներու կողմէ կազմակերպուած առցանց կամ առկայ միջոցառումներուն, կիսուելով անոնց հետ փորձառութեամբ ու գաղափարներով:

            Երիտասարդ դեսպանները արդէն իսկ սկսած էին իրենց գործունէութիւնը, ամրան ընթացքին կազմակերպելով Առաջնորդարանիս «Երիտասարդական Շաբաթ»ը, որուն ընթացքին տրամադրեցին ռազմավարական, համագործակցութեան ու խթանման խորհրդատուութիւններ ու աջակցութիւններ, միջոցառման աւարտին կարգաւորելով Առաջնորդարանիս երիտասարդութեան տրամադրուելիք դրամական մրցանակաբաշխու-թեան ծրագիրը:         

Նշենք, որ յաջորդիւ, 2022 թուականի Փետրուարին, Երիտասարդ դեսպանները կազմակերպած են համագանատական կլոր սեղան՝ երիտասարդութեան եւ Թեմիս Առաջնորդ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի մասնակցութեամբ:

            Այս իմաստով, իր օրհնութեան խօսքին մէջ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, անդրադառնալով Երիտասարդ դեսպաններուն, նշեց.- «Ազգային Առաջնորդարանն ու իր հովանիին տակ գործող եկեղեցիները ուրախ են, որպէս դեսպաններ ընդունելու Նազիկը, Սարգիսն ու Արազը: Մենք անհամբեր կը սպասենք անոնց համագործակցութեան, ապահովելու համար երիտասարդութեան ներգրաւուածութիւնը մեր համայնական կեանքին մէջ: Երիտասարդութիւնը պէտք է նկատուի, լսուի, երեւելի դառնայ մեր կեանքերէն ներս, իր գործօն մասնակցութիւնը ունենալով բոլոր բնագաւառներուն մէջ: Այսօր երիտասարդները դէմ յանդիման են բազմաթիւ ու բազմաբնոյթ խնդիրներու ու մարտահրաւէրներու: Որպէս քրիստոնեաներ, պարտաւոր ենք օգնել, խրախուսել, մխիթարել, ոգեշնչել ու տէր կանգնիլ մեր ապագայ առաջնորդներուն, որպէսզի անոնք ընդմիշտ ապրին հաւատքով, յոյսով ու աստուածային սիրով»: 

Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել՝ https://armenianprelacy.ca

 



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us