ՈՂՋՈ՜ՅՆ ՁԵԶ ՀԱՅ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐ Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ ամեակն է: 102-րդ անգամն է որ մենք կը ժամադրուինք մեր նահատակներուն հետ: 102-րդ անգամն է որ մենք կը յիշեցնենք աշխարհին եւ արիւնարբու թշնամիին` թուրքին, որ մենք չենք մոռցած մեր նահատակները, չենք մոռցած անոնց կտակը` պահանջատէր ըլլալու եւ շարունակելու մեր...

ԱՌԱՋՆՈՐԴ  ՍՐԲԱԶԱՆ  ՀՕՐ Ս.  ԶԱՏԿՈՒԱՆ  ՊԱՏԳԱՄԸ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՍԿԻԶԲ՝ ՆՈՐ ԿԵԱՆՔԻ   Մկրտութեամբ անոր հետ միասին թաղուեցանք եւ մահուան հաղորդ եղանք, որպէսզի ինչպէս Քրիստոս Հօրը փառքով յարութիւն առաւ մեռելներէն, նոյնպէս ալ մենք նորոգուած կեանքով ապրինք» (Հռ 6.4)։ Պօղոս առաքեալ հռոմէացիներուն ուղղած իր նամակին մէջ խորիմաստ բառերով մեղանչական մարդուն կը թելադրէ...

ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ ՆԱՀԱՏԱԿ ԶԻՆՈՒՈՐԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ Այսօր, Կիրակի, 2 Ապրիլ 2017-ին, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն տեղի ունեցաւ, քառօրեայ պատերազմի առաջին տարելիցին տխուր առիթով, նահատակ քաջարի զինուորներու հոգիներուն խաղաղութեան համար: Ապրիլ 1-5 Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ ազերիական լայնածիր յարձակումը մեր նորագոյն պատմութեան մէջ արձանագրուեցաւ քառօրեայ պատերազմ խորագիրով։ Թեմակալ...

Տէր եւ Տիկին Սիմոն եւ Մարալ Հասըրճեան Առաջնորդարանին կը նուիրեն $292,825 արժող քանդակ մը Տէր եւ Տիկին Սիմոն եւ Մարալ Հասըրճեաններ Ազգային Առաջնորդա-րանին նուիրեցին արուեստագէտ Կարէն Պետրոսեանի “Tree of Life” քանդակը, որ արուեստաբան Eric Devlin-ի կողմէ արժեւորուած է $292,825։ Պրոնզէ քանդակը կը կշռէ 235 քիլոկրամ եւ 400x300x450...

Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Ներկայ գտնուեցաւ «Հրանդ Տինք» Օրաթօրիոյի ձեռնարկին Շաբաթ, 18 Մարտ 2017-ին, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս ներկայ գտնուեցաւ «Հրանդ Տինք» Օրաթօրիոյի ձեռնարկին՝ կազմակերպութեամբ Մոնթրէալի Պոլսահայ Միութեան։ Սոյն ձեռնարկը նուիրուած էր Պոլսահայ Միութեան 50-ամեակին եւ Հրանդ Տինքի ահաբեկման 10-ամեակին։ Ձեռնարկին կը մասնակցէր նաեւ՝ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան, Մոնթրէալի Սանահին...

ՀԱՅԵՑԻ ՀԱՄԱԿԱՐԳԵՐՈՒ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ Հովանաւորութեամբ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգային Վարչութեան եւ համագործակցութեամբ ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէին, Շաբաթ, 4 Մարտ 2017-ին, Առաջնորդարանի Դահլիճէն ներս տեղի ունեցաւ հայեցի տարբեր համակարգերու միացեալ խորհրդաժողով մը, մասնակցութեամբ՝ Ազգային Վարչութեան, ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէին, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան...

«Առաջնորդի Ընթրիք» Թորոնթոյի Մէջ Հովանաւորութեամբ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմին, 26 Փետրուար, 2017-ին տեղի ունեցաւ Առաջնորդարանի պաշտօնական ճաշկերոյթը Hilton պանդոկի սրահին մէջ։ Ձեռնարկի հանդիսավարն էր Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեանը։ Երեկոյի գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին տուտուկահար Գառնիկ Սոսոյեան եւ օրկանիստ Աբէլ...

Today, Armenians around the world celebrate the Feast of Vartan, commemorating the war between pagan Persia and Christian Armenia in 451. On the battlefield in 451, Vartan Mamigonian, the leader of the Armenian forces, addressed his soldiers: “He who supposes that we put on Christianity like...

Հայեցի Դաստիարակութեան Խորհուրդի Մանուկներու Փառատօնը՝ աւարտեց Վեցերորդ տարին Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Հայեցի Դաստիարակու­թեան Խուրհուրդի կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, 18 Փետրուար 2017-ին, «ՀՄԸՄ Արամ Մարգարեան» Մարզասրահէն ներս տեղի ունեցաւ Մանուկներու Փառատօնը՝ 4-12 տարեկան երեխաներուն եւ պատանիներուն համար: Փառատօնի տաղաւարներուն եւ աշխատանքներուն թեմաները կը կեդրոնանային հայեցի ձեռային աշխատանքներու վրայ։   Հայեցի...

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us